ԵՊՀ-Ի ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՖԱՔԻՒԼԹԷԻՆ ՄԷՋ ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Երեւանի Պետական համալսարանի Լրագրութեան բաժնին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ մտաւորական, գրող, Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհանդէսը։ Ներկայ էին դասախօսներ, ուսանողներ, Սփիւռքի հարցերով յանձնակատարի գրասենեակի ներկայացուցիչը, Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սեյրանեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսիսեան, Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան մամուլի եւ հրատարակչական բաժնի վարիչ Անդրանիկ Մարտոյեան եւ այլ հիւրեր:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համալսարանի Լրագրութեան բաժնի ղեկավար Նաղաշ Մարտիրոսեան, որ կարեւորեց նման հանդիպումներու անհրաժեշտութիւնը՝ ուսանողութեան հետ, եւ ներկայացուց հիւրը, որ իր գիրքի շնորհանդէսը բազմաթիւ վայրերու մէջ կատարելէ յետոյ ընդառաջած է իրենց առաջարկին եւ զայն կը ներկայացնէ նաեւ հայրենի ուսանողութեան՝ ապագայ լրագրողներուն: Ան ըսաւ, որ հեղինակը ասպարէզի բերումով յաճախակի ուղեւորութիւններ կ՚իրականացնէ աշխարհով մէկ եւ իւրաքանչիւր այցելած վայրին մէջ իր ուշադրութենէն չեն սպրդիր տեղւոյն հայերը, ուստի ապագայ լրագրողներուն հետաքրքրական պիտի ըլլայ լսել անոր մտորումները:

Խօսք առին նաեւ Լրագրութեան բաժնի դասախօս Փրոֆ. Դաւիթ Պետրոսեան, դասախօս Փրոֆ. Մուշեղ Յովսէփեան, հայագէտ Արծուի Բախչինեան, Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան: Վերջինս կարեւորեց սփիւռքը եւ սփիւռքի բարդութիւնները հասկնալու անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ իր գիրքին մէջ փորձած է ընել Հրայր Ճէպէճեան եւ ըսաւ, որ Հրայր Ճէպէճեանի այս գիրքը բաւական կատարեալ պատկեր մը կը ցոլացնէ հայոց սփիւռքի այժմու կացութեան տեսակէտէ։ Աշոտ Մելքոնեան խօսեցաւ նաեւ արեւմտահայերէնի նահանջի մասին, որ կասեցնելու համար, անոր խօսքերով, համահայկական ջանքեր անհրաժեշտ են:

Հրայր Ճէպէճեան շնորհակալութիւն յանտնեց հանդիպումը կազմակերպելու եւ նման ուշադրութեան համար՝ ներկայացնելով իր մտորումները, որոնք տեղ գտած են թէ՛ գիրքին եւ թէ շարունակաբար տեղ կը գտնեն սփիւռքահայ մամուլին մէջ սփռուող իր յօդուածներով: Ուսանողները շուրջ մէկ ժամ հարցումներ ուղղեցին անոր: Հարցումները կը վերաբերէին արտագաղթին, սփիւռքի այսօրուայ վիճակին, համաշխարհայնացումին եւ այլ հարցերու: Հրայր Ճէպէճեան, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ զրոյցի ընթացքին բարձր գնահատեց ուսանողութեան հետաքրքրասիրութիւնը, զանոնք հետաքրքրող հարցերու շրջագիծը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Երեւանի Պետական համալսարանի 100-ամեակի օրերուն անոր պատերէն ներս հանդիպում ունենալուն առթիւ:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2019