ԶԻՖԼԻՕՂԼՈՒԻ ԳԻՐՔԸ

Կը տեղեկանանք, թէ վերջերս «Սոսիալ» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է բանաստեղծ ու լրագրող Վերճիհան Զիֆլիօղլուի նոր գիրքը, որ կը կոչուի «Varla Yok Arasında İstanbul Ermenileri»։ Հեղինակը այս գիրքը ձօնած է իր լուսահոգի մեծ հօր՝ Սարգիս Զիֆլիօղլուի յիշատակին։ Գիրքի սկիզբին տեղ գտած է հրատարակիչ Ռակըփ Զարաքօլուի կողմէ Վերճիհան Զիֆլիօղլուի մասին արտայայտութիւն մը։ Հեղինակը կարճ յառաջաբանին մէջ բացատրութիւններ տուած է, թէ ինչ տեսանկիւնէն կը դիտարկէ թրքահայ համայնքային կեանքը։

Գիրքի զանազան գլուխներուն մէջ Վերճիհան Զիֆլիօղլու անդրադարձած է երջանկայիշատակ պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքին, վերջին տասնամեակի պատրիարքական ընտրութեան թնճուկին, մեր համայնքի ներքին խաւերուն, խորհրդարանի հայ երեսփոխաններուն, մեր համայնքի երիտասարդութեան, Հայաստանի իրականութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքի, Հայաստանի եւ պոլսահայութեան յարաբերութիւններուն։

Շուրջ 150 էջէ բաղկացեալ այս գիրքը կ՚ընդգրկէ նաեւ շարք մը լուսանկարներ։ Բաւական ամփոփ ձեւով հեղինակը անդրադարձած է թրքահայ համայնքի վերջին տասնամեակի հրատապ օրակարգին վերաբերեալ զանազան նիւթերու։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2019