ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ

Իսթանպուլի մէջ երէկ ժամը 13.59-ին տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը, որ ահ ու սարսափ պատճառեց քաղաքի բնակիչներուն։ Երկրաշարժի կեդրոնը կը գտնուէր Մարմարա ծովը՝ Սիլիվրիի մօտակայքին, 7 քիլօմեթր խորութեան մէջ։ Թէեւ ոեւէ մէկը չզոհուեցաւ ու մեծ վնաս մը չյառաջացաւ այս երկրաշարժին հետեւանքով, սակայն քաղաքի բնակիչները այնպիսի հոգեվիճակով մը կ՚ապրին, որ երկրաշարժը մեծ վախ պատճառեց բոլորին։

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, ռիխթերիան չափանիշով այս երկրաշարժին սաստկութիւնը 6 էր, կարգ մը աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ սաստկութիւնը 5.8 էր։ Մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը շարունակուեցան նաեւ յետցնցումները։ Երէկուան երկրաշարժին հետեւանքով 28 հոգի վիրաւորուեցաւ, 172 շէնք ալ վնաս կրեց։ Ցնցումէն անմիջապէս վերջ դատարկուեցան դպրոցները, սակայն այսօր արդէն կրթութիւնը կը շարունակուի։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2019