ԿՈՉՈՒՄՆԵՐՈՒ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ Տեւական կրթութեան կեդրոնի 2019 թուականի գիտական կոչումներու տուչութեան արարողութիւնը։ Պատասխանատուներու շնորհաւորական արտայայտութիւններէն վերջ կեդրոնի վերջին շրջանաւարտներուն ուղղեալ ելոյթով մը հանդէս եկաւ համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան։ Այս վերջինը հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ երիտասարդներուն յորդորեց երբեք չթերանալ պատրաստակամ ըլլալէ։ Վերապատուելին ընդգծեց, որ միշտ պէտք է պատրաստ ըլլան ամէն տեսակի զարգացման ու առաքելութեան։

Ելոյթներէն վերջ օրուան յայտագրի աւարտին յանձնուեցան շրջանաւարտներու աստիճաններն ու համապատասխան վկայականները։ Աւելի վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին հատուեցաւ շրջանաւարտներուն ի պատիւ պատրաստուած կարկանդակը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2019