ՈՉ ԵՒՍ Է ԺԱԳ ՇԻՐԱՔ
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախկին նախագահներէն Ժագ Շիրաք երէկ Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքեց՝ 87 տարեկան հասակին։ Ֆրանսայի արդի պատմութեան մէջ քաղաքական թատերաբեմին վրայ լուրջ հետք թողած աջակողմեան գործիչ մըն էր Ժագ Շիրաք, որու կորուստը ստեղծեց լայն արձագանգ։ Երկրի ղեկավար Էմմանիւէլ Մաքրոն, իր նախորդները՝ Ֆրանսուա Օլանտ եւ Նիքոլա Սարքոզի, ինչպէս նաեւ աշխարհի բազում երկիրներու առաջնորդներ ցաւակցականներ հրապարակեցին Ժագ Շիրաքի մահուան առթիւ։ Վերջին տարիներուն Ժագ Շիրաք կը տառապէր առողջական խնդիրներէ՝ մասնաւորապէս յիշողութեան վերաբերեալ խնդիրներով։ Քաղաքական գործունէութիւն ծաւալած ժամանակաշրջանին Ժագ Շիրաք հետամուտ եղած էր բազմաբեւեռ աշխարհէ ներս Եւրոմիութեան ամրապնդման, Ֆրանսա-Գերմանիա համագործակցութեան խորացման։ Ֆրանսական քաղաքական կեանքէն ներս յաջողած էր որոշ շրջան մը կամրջել աջն ու ձախը։ Մինչեւ նախագահ ընտրուիլը իր լծակիցներէն մին եղած էր Ֆրանսայի նախկին վարչապետներէն հայազգի Էտուար Պալատիւր։ Շիրաք կարեւոր դեր խաղացած էր նաեւ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ լիիրաւ անդամակցութեան բանակցութիւններու սկսելուն ուղղութեամբ։
Ժագ Շիրաք 1971 թուականին եղած էր նախարար, 1974-ին՝ վարչապետ։ 1977-ին ընտրուելով Փարիզի քաղաքապետ՝ այդ պաշտօնը վարած էր անընդհատ 18 տարի։ 1995 թուականին ընտրուած էր Հանրապետութեան նախագահ եւ Ֆրանսան ղեկավարած՝ 12 տարի։ Որպէս քաղաքապետ պաշտօնավարած շրջանին վերաբերեալ զեղծումներու բերումով բանտարկութեան դատապարտուած էր ու որպէս այդպիսին առաջին նախագահն էր։ Իր պատիժը յետաձգուած էր՝ նաեւ առողջական խնդիրներու բերումով։ Եւրոպայի քաղաքական թատերաբեմի ուրոյն դերակատարներէն Ժագ Շիրաք կասկածամտութիւն ցուցաբերած էր՝ Իրաքը ռմբակոծելու ժամանակ ԱՄՆ-ի կողմէ յառաջ քշուած հիմնաւորումներուն կապակցութեամբ։
Ժագ Շիրաք Ֆրանսա-Հայաստան յարաբերութիւններուն եւ հայ-ֆրանսական կապերուն տեսակէտէ ալ եղած էր պատմական դէմք մը։ Իր նախագահութեան շրջանին Ֆրանսա օրէնքով մը ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Նախագահութեան տարիներուն ան պաշտօնական այցելութիւն մըն ալ տուած էր Երեւան։ Այս հարցին վերաբերեալ դիրքորոշումով ատեն-ատեն անհանգստութիւն պատճառած էր Անգարային։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցականներ հրապարակեցին Ժագ Շիրաքի մահուան առթիւ։ Նախագահ Սարգսեան այս առթիւ շեշտեց, որ Շիրաքի մահը մեծ կորուստ մըն է Ֆրանսայի համար, որուն ան նուիրած էր իր կեանքը։ «Ժագ Շիրաքի անունը եւ գործերը մշտապէս կը մնան մեր յիշողութեան եւ սրտերուն մէջ՝ որպէս հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի սրտցաւ բարեկամ», նշուած է Արմէն Սարգսեանի ցաւակցականին մէջ։
Փարիզի մէջ երէկ երեկոյեան ժամերէն սկսեալ հանրութեան առջեւ բացուեցան Էլիզէի պալատին դռները՝ որպէսզի փափաքողներ կարենան ստորագրել Շիրաքի մահուան առթիւ բացուած սգոյ տոմարը։ Յառաջիկայ երկուշաբթի՝ սեպտեմբերի 30-ին Ֆրանսայի մէջ հռչակուած է միօրեայ սուգ։ Նոյն օրը կէսօրուան ժամերուն Փարիզի 6-րդ թաղամասի Սեն-Սիւլփիզ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ժագ Շիրաքի համար հոգեհանգստեան արարողութիւն մը։