«ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇԻ ՓԱՌԱՏՕՆ»

Ֆէրիգիւղի փողոցներուն մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը։ «Քուրթուլուշի փողոցներու փառատօն» կոչուած ձեռնարկը կազմակերպուած էր՝ բնութեան, գեղարուեստի եւ մարդկութեան ազատութեան համար կարգախօսով։ «Շահափ» փողոցին մէջ զետեղուած էին տաղաւարները։ Սա շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն էր, որու նպատակն էր հակազդել այն սահմանափակումներուն դէմ, որոնք անցեալ ամրան սկիզբէն ի վեր հաստատուած են երաժշտական բարձրաձայն նուագներու պարագային։

Հարկ է նշել, որ այս փառատօնին մասնակցեցաւ նաեւ «Արաս» հրատարակչութիւնը, որու տաղաւարին վրայ այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուած էին նաեւ զանազան հայերէն գիրքեր։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2021