ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ՃԷՅՀՈՒՆ ՊԱՅՐԱՄԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ

Արցախի երկրորդ պատերազմի սկիզբի առաջին տարելիցի ընդառաջ, շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը։ Երկու նախարարները այնտեղ կը գտնուէին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն մասնակցելու համար։ Սա առիթ հանդիսացաւ, որ 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր առաջին անգամ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ շփում մը հաստատուի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան եւ Պայրամով նախ առանձին հանդիպումներ ունեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ Իկոր Խովայեւի (Ռուսաստան) հետ։ Եռանախագահները աւելի վերջ մէկտեղեցին նախարարները։ Բոլոր ձեւաչափերով հանդիպումներուն ներկայ էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ։ Միջնորդները Նիւ Եորքի այս հանդիպումներու լոյսին տակ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Անոնք այս առթիւ ողջունեցին պատերազմէն յետոյ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած առաջին հանդիպումը։ Նիւ Եորքի մէջ քննակուած է չկարգաւորուած կարեւոր հարցերու լայն շրջանակ։ Համանախագահները յատուկ թիրախային միջոցներ առաջարկած են իրադրութեան լիցքաթափման համար,  նաեւ ապագայ քայլերու շուրջ։ Համանախագահները վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը՝ ըստ իրենց լիազօրութեան շարունակելու համար կողմերու հետ աշխատանքը՝ գտնելու համապարփակ լուծումներ մնացեալ բոլոր հարցերուն, որոնք կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ու անոր հետեւանքներուն։

Նիւ Եորքի մէջ միջնորդները տեսակցեցան նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ռոզմարի Տիքարլոյի եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէի հետ։

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին տեսակէտէ վերջին օրերուն Նիւ Եորքի մէջ դիւանագիտական աշխոյժ երթեւեկ մը կար։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես եւս առանձին-առանձին հիւրընկալեց Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու օրակարգին վրայ ալ հիմնախնդիրը կարեւոր տեղ զբաղեցուց։ Տարածքաշրջանի դերակատարներէն Իրանն ալ անմասն չմնաց դիւանագիտական երթեւեկէն։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունենալով շօշափեցին հիմնախնդիրն ու տարածքաշրջանի կացութիւնը։ Լը Տրիան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյին Էմիր Ապտուլլահիանի հետ։ Այս վերջինը տեսակցեցաւ նաեւ Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Իսկ ֆրանսացի նախարարը Նիւ Եորքի մէջ հանդիպեցաւ նաեւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտի, Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Պուրիչի, Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրիի, Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի եւ այլ օտար պաշտօնակիցներու հետ։ Յետպատերազմեան իրավիճակը օրակարգի վրայ եկաւ բոլոր հանդիպումներու ժամանակ։

Նիւ Եորքի այս բեղուն դիւանագիտական շփումներուն զուգահեռ՝ Իրանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սէյիտ Մուհամմէտ Քասըմ Սաճատփուր շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ։ Այսօր՝ պատերազմի սկիզբի առաջին տարելիցի օրը, Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած է թրքախօս պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը։ Ժողովի հիւրընկալն է Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու։ Այս առթիւ Չավուշօղլու վերյիշեց Ատրպէյճանի՝ հայրենիքի պաշտպանութեան համար ինկած նահատակները։

Վերջին օրերուն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի զարգացնէ ռազմաթեքնիք համագործակցութիւնը Ռուսաստանի հետ։ Վերջին պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Շուշիէն ներս ալ Ատրպէյճան ձեռնարկած է բնակելի շէնքերու կառուցման։

Թէ՛ Անգարայէն եւ թէ Պաքուէն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին եւ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան շուրջ վերջին օրերուն իրերայաջորդ պատգամներ կը հասցէագրուին Մոսկուային։ Յառաջիկայ օրերուն Սոչիի մէջ նախատեսուած է Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը, որու ընթացքին վճռորոշ համաձայնութիւններ կրնան գոյանալ այս ուղղութեամբ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2021