ԱՌԱՋԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄԸ
Հայաստանի Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ երկրի Հանրային հեռուստատեսութեան։ Այսօր արդէն 44-օրեայ պատերազմի սկիզբի երկրորդ տարելիցն է, որու ընդառաջ հրապարակուեցաւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի բացառիկ հարցազրոյցը։ Պետրոս Ղազարեանի հետ զրուցելու ընթացքին ան ծաւալուն արժեւորումներ ըրաւ երկրի մատնուած կացութեան շուրջ։
Ըստ Տէր-Պետրոսեանի, ներկայ պահու գլխաւոր խնդիրն է ազգային համախմբման հասնիլը։ Իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ շինիչ երկխօսութիւն մը պէտք է սկսի։ Յառաջիկայ բոլոր լուծումները Հայաստանի տեսակէտէ վատ պիտի ըլլան եւ ան կ՚առաջարկէ ընտրել ամենանուազ ցաւալին։ «Այո, սա անձնտուութեան պայմանագիր պիտի ըլլայ, մեզմէ աւելի հզօր երկիրներ ալ անձնատուր եղած են», ըսաւ Տէր-Պետրոսեան, որու համոզմամբ, մինչեւ Ուքրայնայի հետ պատերազմը Արցախի հիմնախնդրի լուծման բանալին Ռուսաստանի ձեռքն էր։ «Հիմա Ռուսաստան այնքան խնդիրներ ունի, որ կորսնցուցած ալ կրնայ ըլլալ այդ բանալին», նշեց ան։