ԷԼԻԶԷԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն առաջ երկու ղեկավարները յայտարարութիւններով հանդէս եկան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար։ Հիմնական շեշտադրումները, բնականաբար, Հայաստան-Ատրպէյճանի ծանր իրավիճակն էր։ Մաքրոն յիշեցուց, որ Ֆրանսա ներկայիս ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի շրջանային նախագահն է եւ այնտեղ արդէն երկու անգամ քննարկուած է ստեղծուած իրավիճակը։ Ըստ Մաքրոնի, Ֆրանսա պահանջած է, որ Ատրպէյճանի զօրքերը վերադառնան իրենց ելման դիրքերը։ Ան յայտնեց, որ այս հարցին շուրջ սեպտեմբերի 14-ին խօսած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Մաքրոն մատնանշած է, որ սահմանի՝ սահմանագծուած չըլլալու փաստը չի կրնար արդարացնել որեւէ յառաջխաղացում դէպի միւս երկրի տարածքը։ Ֆրանսացի ղեկավարը կարեւորեց Երեւան-Պաքու երկխօսութեան վերականգնումը ու տեղեկացուց, որ մօտաւոր ապագային պիտի մէկտեղուի նաեւ Ալիեւի հետ։ Ըստ Մաքրոնի, Ալիեւն ալ կը փափաքի վերջ դնել տարածաշրջանէ ներս անկայունութեան ու գտնել լուծումներ։ «Սակայն, անհնար է խաղաղութիւն կառուցել՝ ուժի գործադրութեան սպառնալիքի ներքեւ։ Այս իսկ պատճառով Ֆրանսա ամէն ինչ կ՚ընէ, հետամուտ կ՚ըլլայ՝ կայուն, անվտանգ եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկաս մը ունենալու նպատակին», ըսաւ Մաքրոն։

Իր կարգին, Փաշինեանն ալ Փարիզի մէջ յայտնեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան 8 դեկտեմբեր 1991 թուականի համաձայնագրով մասնակցած են Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան։ Խորհրդային շրջանին գոյութիւն ունէին վարչական սահմաններ, որոնք անկախութեան առաջին ամիսներուն արդէն դարձած են պետական սահմաններ։ Ուստի, այդ համաձայնագրով վերահաստատուած սահմաններու փոխադարձ ճանաչումով անհրաժեշտ է երթալ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման։ Փաշինեանի համոզմամբ, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը պէտք է շարունակէ ուշադրութեան կեդրոնին պահել այս հարցը։ 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022