ԿՈՄԻՏԱՍ 153 ՏԱՐԵԿԱՆ

Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 153-րդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առթիւ խումբ մը մտաւորականներ ծաղիկներ խոնարհեցին Կոմիտաս Վարդապետի շիրիմին մօտ, որ կը գտնուի Երեւանի համանուն պանթէոնին մէջ։

Միւս կողմէ, Երեւանի «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառը կը պատրաստուի յառաջիկայ հոկտեմբերի 8-ին միջազգային գիտաժողով-փառատօն մը իրականացնել ի յիշատակ Կոմիտաս Վարդապետին։ Ծրագրի կազմակերպման կ՚աջակցի նաեւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022