ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷՆ ՅԱՄԱՌ ԿՈՉԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերել Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն նկատմամբ՝ մասնաւորապէս կրկնելով իր մտահոգութիւնները Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրադրութեան վերաբերեալ։ Առկայ լարուած մթնոլորտին մէջ Ուաշինկթըն հերթական անգամ կոչ ուղղեց, որպէսզի Պաքու իր զօրքերը ետ քաշէ։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտարարեց, որ իրենք կոչ կ՚ուղղեն, որպէսզի Ատրպէյճան վերադարձնէ իր զօրքերը իրենց սկզբնական դիրքերը, դուրս բերէ ռազմական ուժերը Հայաստանի տարածքէն եւ խնդիրները լուծէ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցաւ։ Իր խօսքով, ուժի կիրառումը ընդունելի ճանապարհ մը չէ։ «Մեր ուղերձը տեւական ժամանակէ ի վեր հետեւողական է։ Մենք կոչ կ՚ուղղենք Ատրպէյճանին, որպէսզի վերադարձնէ իր զօրքերը սկզբնական դիրքերը», ըսաւ Նետ Փրայս։

Երէկ ալ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր տեսակցեցաւ Ալիեւի աշխատակազմէն Հիքմէթ Հաճիեւի հետ։

Նոյնպէս երէկ, Լոնտոնէն ալ հնչեց նման դիրքորոշում մը։ Անգլիա պաշտօնապէս անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ գործադրուած բռնութեան։ Անգլիական կողմը յայտնեց, որ զինեալ ուժերը պէտք է ետ քաշուին դէպի այն դիրքերը, ուր անոնք կը գտնուէին մինչեւ ռազմական գործողութիւններու սկսիլը։

Ամերիկահայ զանազան կազմակերպութիւններու կողմէ այս շրջանին կը հաղորդուի, որ ամերիկացի քաղաքական գործիչներ, քոնկրէսէն ներս երկկուսակցական քոնսենսիւսի մթնոլորտին մէջ, կը քննարկեն Հայաստանին զէնք վաճառելու վերաբերեալ հարցեր։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022