ՎՈԼՈՏԻՆԻ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԱՅՑԸ

Ռուսաստանի Պետական տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին դէպի Պաքու այցելութեան ծիրէն ներս երէկ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Վոլոտին Պաքուի մէջ մէկտեղուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի խորհրդարանի ղեկավարութեան հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Ալիեւ նշած է, որ խաղաղութիւնը տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն ու ժողովուրդներուն տեսակէտէ անհրաժեշտ է։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճան կողմնակից է երկարաժամկէտ ու կայուն խաղաղութեան, հարեւաններու վերաբերեալ բոլոր խնդիրներու լուծման։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022