ՏԵՆՏԻԱՍԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը ժամանէ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Երկու նախարարները կ՚ունենան առանձնազրոյց մը եւ կը գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։

Երեւանի կեցութեան ընթացքին Տենտիաս կը հիւրընկալուի նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022