2022-Ի ՄՐՑԱՆԱԿԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Նիւ Եորքի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Խղճի կոչ» (Appeal of Conscience Foundation) հիմնարկի տարեկան կալա-ընթրիքը, որ կազմակերպուած էր «Սեն Փիէռ» պանդոկին մէջ։ Իր տեսակին մէջ 57-րդ այս հաւաքոյթին ժամանակ յանձնուեցաւ նախաձեռնարկ հիմնարկի «Համաշխարհային պետական գործիչ»ի մրցանակը։ Կրօնական ազատութիւններու եւ մարդու իրաւանց հետամուտ այս միջկրօնական կազմակերպութիւնը 2022 թուականի «Համաշխարհային պետական գործիչ»ի մրցանակը յանձնեց Իտալիոյ՝ այժմ արդէն նախկին վարչապետ Մարիօ Տրակիին։ Մրցանակը յանձնեց «Խղճի կոչ» հիմնարկի հիմնադիր-նախագահ րաբբի Արթըր Շնայըր։

Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ այս հիմնարկի փոխ-նախագահն է։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022