ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան տարեդարձն էր։ Արդէն կարեւոր ալ չէ, թէ քանի տարի առաջ ծնած էր ան, որովհետեւ Կոմիտասը վաղուց անժամանցելի ու մշտական ներկայութիւն դարձած է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, նաեւ երաժշտական աշխարհէն ներս։

Երեւանի մէջ, երէկ Մեծ Վարդապետը ոգեկոչուեցաւ հերթական անգամ բիւր յարգանքով եւ հայ երաժշտութեան այժմու երախտաւորներու խոնարհումով։ Երեւանի «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառի համալիրէն ներս հաւաքուեցան բոլորը՝ ծաղիկներ խոնարհելով անոր շիրմին առջեւ։ Կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեանի։ Մեծ Վարդապետի արձանին շուրջ տեղի ունեցան երաժշտական կատարումներ։

«Կոմիտաս» թանգարան-կաճառի համալիրէն ներս, իրեն վերագրուած որակումով՝ խորհրդանշական «Անլռելի զանգակատան» զանգը հնչեցուցին խումբ մը յայտնի արուեստագէտներ, որոնց շարքին էր նաեւ հայ երաժշտութեան կենդանի առասպել մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեանը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2023