ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՊԱՔՈՒԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐ՝ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Արցախի հայութիւնը ողբերգական պայմաններով կը շարունակէ լքել հայրենիքը։ Արդէն 4-5 օրէ ի վեր տարհանումը կը շարունակուի։ Ըստ վերջին տուեալներուն, ցարդ Արցախէն 47 հազար 115 հայ անցած է Հայաստան։ Արդէն բարդ այս գործընթացը ա՛լ աւելի դժուարացած է՝ Ստեփանակերտի մօտակայքին պատահած վառելանիւթի պահեստի պայթումին հետեւանքով՝ քանի կան մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ, որոնք հրատապ ձեւով հիւանդանոց պէտք է փոխադրուին։ Կը հաղորդուի, որ ռուս խաղաղապահներու ուղղաթիռները եւս հիւանդներու փոխադրութեան համար տրամադրուած են։

Առկայ մթնոլորտին մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։ Պլինքըն յիշեցուց Ալիեւի խոստումները, որոնք կը նախատեսէին այլեւս ռազմական ուժի չդիմել եւ դիտորդական առաքելութիւն ընդունիլ։ Պետական քարտուղարը կոչ ուղղած է, որպէսզի Ալիեւ երաշխիքներ տայ միջազգային դիտորդական առաքելութիւն մը թոյլատրելու համար։

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըրն ալ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Երեւանի եւ Պաքուի հետ քննարկումներ կը վարէ։ Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մէջ միջազգային դիտորդներու տեղակայման ու այս բանի յստակ դրութեան վերաբերեալ հարցերը կը քննարկուին ԱՄՆ-ի եւ տարածաշրջանէն ներս իր գործընկերներուն ու դաշնակիցներուն միջեւ։ Ըստ բանբերին՝ յստակ դրութեան վերաբերեալ քննարկումները չեն աւարտած, ուստի ան խուսափեցաւ կանխատեսումներ ընելէ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2023