ԱԼՄԱԹԸԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԵՐԵԿՈՅ
Ղազախստանի հայերու միութեան «Մասիս» հանրապետական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Էռնեսթ Վարդերեսեանի նախաձեռնութեամբ Ալմաթըի մէջ կազմակերպուեցաւ հայկական մշակոյթի երեկոյ՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին:
Յատուկ ձեռնարկին համար պատրաստուած էր տեսանիւթ՝ անկախութեան տարիներուն գիտութեան, մշակոյթին, ճարտարապետութեան, մարմնամարզութեան, զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն մէջ Հայաստանի ձեռքբերումներուն մասին:
Ձեռնարկին մասնակցեցան շուրջ երկու հարիւր հոգի, որոնց կարգին էին նաեւ տեղական իշխանութեան ներկայացուցիչներ, անուանի արուեստագէտներ, գիտնականներ, բժիշկներ: Դահլիճին մէջ տօնական տրամադրութիւն կը տիրէր։ Ներկաները կը շնորհաւորէին զիրար, Հայաստանին մաղթելով բարօրութիւն, աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին՝ արեւշատութիւն, ստեղծագործական նորանոր նուաճումներ: Համերգի ժամանակ հնչեցին Շարլ Ազնաւուրի, Առնօ Բաբաջանեանի երգերը, պարի եղանակներ՝ հայկական տուտուկի եւ դհոլի, ինչպէս նաեւ ղազախական տոմպռայի նուա-գակցութեամբ կատարուեցան հայկական եւ ղազախական պարեր: