ՆՈՐ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի ար­դիւն­քի լոյ­սին տակ թրքա­հա­յու­թեան առ­ջեւ ար­դէն ու­րուագ­ծուած է պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հո­րի­զո­նը։ Շուրջ ութ տա­րուան սպա­սո­ղա­կան, պղտոր ու վե­րի­վայ­րում­նե­րով լի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէ մը վերջ ե­րէկ Գում­գա­բուի մէջ առ­նուե­ցաւ ար­մա­տա­կան քայլ մը։ Այս­պէ­սով կը սկսի նոր գոր­ծըն­թաց մը, ո­րու հի­ման վրայ եզ­րա­փա­կուած կը հա­մա­րուի Տ. Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեա­նի՝ որ­պէս պատ­րիարք գա­հա­կա­լու­թեան շրջա­նը եւ Թուր­քիոյ Հա­յոց 85-րդ պատ­րիար­քի ընտ­րու­թեան հա­մար ան­վի­ճե­լիօ­րէն գո­յա­ցած կը հա­մա­րուին անհ­րա­ժեշտ բո­լոր նա­խադ­րեալ­նե­րը։ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րը այս ա­ռու­մով ա­ռած է ար­մա­տա­կան քայլ մը՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով բո­լոր հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը։ Մեր ե­կե­ղե­ցա­կան-վար­չա­կան ա­ւան­դու­թիւն­ներն ու կա­նոն­նե­րը, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի տուեալ պա­հու կա­յու­նու­թեան ե­րաշ­խիք­նե­րը ու մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր կա­րիք­նե­րը նրբան­կա­տօ­րէն հա­շուի առ­նուած են Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րին կող­մէ։ Այդ բո­լոր գոր­ծօն­նե­րը ե­կած են ըլ­լալ հա­մո­զիչ, թէ այ­լեւս նոր ընտ­րու­թեան մը ձեռ­նար­կե­լու հա­մար պա­հը հա­սուն­ցած է եւ յա­ւե­լեալ յա­պա­ղում­նե­րը կրնան յա­ռա­ջաց­նել լուրջ բար­դու­թիւն­ներ։

Ըստ մեր ստա­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, հո­գե­ւո­րա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի ըն­թաց­քին առ­նուած այս ար­մա­տա­կան քայ­լին են­թա­գե­տի­նը հա­մա­խո­հա­բար եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցա­բար պատ­րաս­տած են՝ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Ա­նոնց ներ­դաշ­նակ ո­րո­նում­նե­րու ար­դիւն­քին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ա­ռած է այս բախ­տո­րոշ քայ­լը, որ­մէ վերջ հի­մա կ՚ակն­կա­լուի պե­տու­թեան հա­ւա­նու­թիւ­նը, որ­պէս­զի թրքա­հա­յու­թիւ­նը այ­լեւս ու­նե­նայ իր նոր պատ­րիար­քը։ Մեր ա­ւան­դա­կան կա­նոն­նե­րուն եւ նա­խըն­թաց­նե­րուն հի­ման վրայ կա­տա­րուե­լիք ընտ­րու­թիւ­նով մը կրնայ հա­մայն­քի օ­րա­կար­գէն միան­գա­մայն միշտ դուրս մնալ մեծ խնդիր մը, ինչ որ յար­մար գե­տին կրնայ ձե­ւա­ւո­րել բազ­մա­թիւ խնդիր­նե­րու նոյ­նա­ժա­մա­նակ հար­թուե­լուն տե­սա­կէ­տէ։

Ինչ­պէս Գում­գա­բուի աղ­բիւր­նե­րուն կող­մէ հա­ղոր­դուած է պաշ­տօ­նա­պէս, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այ­սօր ար­դէն մեկ­նած է Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը շուրջ տաս­նօ­րեայ ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ դէ­պի Նիւ Եորք։ Նո­յեմ­բե­րի 6-ին ան պի­տի վե­րա­դառ­նայ քա­ղաքս եւ իր վե­րա­դար­ձէն վերջ յաչս պե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դի­մում մը պի­տի ներ­կա­յա­ցուի՝ պա­հան­ջե­լով պատ­կան մար­մին­նե­րու թոյլ­տուու­թիւ­նը պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հա­մար եւ սպա­սե­լով Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան տնօ­րի­նու­թեան։

Հարկ է յի­շեց­նել, որ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի շուրջ հին­գու­կէս դա­րե­րու պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ պա­տա­հե­ցաւ նման խնդիր մը, երբ օ­րուան պատ­րիար­քը ֆի­զի­քա­պէս գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լով հան­դերձ դադ­րե­ցաւ գա­հա­կա­լե­լու հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն։ Հա­շուի առ­նե­լով, որ Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեամբ նա­խա­տե­սուած վար­չա­մե­քե­նան գո­յու­թիւն չու­նի այ­լեւս, հնա­րա­ւոր չե­ղաւ ա­րագ լու­ծում մը գտնել սոյն ար­տա­սո­վոր հար­ցին։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը սպաս­ման ու ո­րո­նում­նե­րու բա­ւա­կան եր­կար շրջա­նէ մը ան­ցաւ եւ ի վեր­ջոյ ե­րէ­կուան Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի ար­դիւն­քով յան­գե­ցաւ ա­մե­նա­ճիշդ ո­րոշ­ման, որ կ՚են­թադ­րէ ծա­գած խնդի­րը կար­գա­ւո­րել մեր ժո­ղո­վուր­դի կամ­քին եւ մեր վար­չա­կան նա­խըն­թաց­նե­րուն, Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ խոր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն հա­մա­հունչ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016