ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Թուրքիոյ տանտիրութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ այսօր շատ կարեւոր գագաթաժողով մը տեղի կ՚ունենայ Իսթանպուլի մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան խորհրդակցութեան հրաւիրած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնը եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը։ Քառակողմանի այս գագաթաժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Սուրիայէ ներս խաղաղաղութեան վերահաստատման ուղղեալ զանազան վարկածներ։ Այս չորս երկիրները Սուրիոյ ճգնաժամի լուծումը կ՚ենթադրեն իրերանման ձեւով՝ այսինքն, այդ երկրի տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ։ Էրտողան, Փութին, Մաքրոն եւ Մերքէլ առկայ համայնապատկերին վրայ կ՚արժեւորեն բոլոր հնարաւորութիւններն ու վարկածները՝ Սուրիոյ ճգնաժամի մշտական լուծում մը գտնելու առաջադրութեամբ։ Ուստի, գագաթաժողովի ընթացքին ընդհանուր քննարկման կ՚ենթար-կըւի Սուրիոյ վերջին կացութիւնը։

Բացի քառակողմանի ձեւաչափէն, Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած են նաեւ Էրտողանի առանձին հանդիպումները հիւր ղեկավարներուն հետ։ Նախագահ Էրտողան այսօր մանրամասնօրէն Փութինի, Մաքրոնի եւ Մերքէլի նկատառման կը յանձնէ՝ Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման վերաբերեալ Թուրքիոյ առաջարկները։ Ան օրակարգի վրայ կը բերէ նաեւ թրքական կողմի ջանքերով Աստանայի եւ Սոչիի բանակցութիւններուն ժամանակ քննարկուած շարք մը գլուխները կեանքի կոչելու հարցը։ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանուիլը, բոլոր ազգային խմբաւորումներու նկատմամբ համընդգրկուն մօտեցումով նոր Սահմանադրութեան մը պատրաստուիլը, արդար ընտրութիւններու կազմակերպման ուղղութեամբ աշխատանք տարուիլը եւ հարիւր հազարաւոր գաղթականներու հայրենիք վերադարձի խնդիրը այս ամբողջին մէջ առանցքային նշանակութիւն կը ներկայացնեն։

Ի լրումն այս բոլորին, Անգարայի առաջնահերթութիւններու շարքին կը գտնուին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ անխտիր ու անխափան պայքարը, մարդասիրական օժանդակութիւններու անարգել ձեւով տեղ հասնիլը ու պատերազմի հետեւանքով աւերուած քաղաքներու վերակառուցումը։ Անգարա մեծապէս կը կարեւորէ Սուրիայէ ներս բախումներէ զերծ գօտիի ընդլայնումը՝ ներառեալ Եփրատի արեւելեան հատուածը։ Ուստի, ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի եւ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւն) նման ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարը կը ներկայացնէ չափազանց կարեւորութիւն։

Նախագահ Էրտողան գագաթաժողովի մասնակիցներուն հետ կը քննարկէ նաեւ Իտլիպ քաղաքի պարագային գոյացած համաձայնութիւնը եւ Մենպիչի վերջին կացութիւնը։ Անգարա Եփրատի արեւելեան հատուածն ալ ներկայիս անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է։ Նախագահ Էրտողան վերջերս այս մասին յայտարարած էր, որ Թուրքիա շարժման պիտի անցնի։ Ուստի, ան Թուրքիոյ հաւանական քայլերուն շուրջ տեսակէտները պիտի բաժնէ գագաթաժողովի մասնակից ղեկավարներուն հետ։ Էրտողան հիւր ղեկավարներու նկատառման պիտի յանձնէ նաեւ Թուրքիոյ անհանգստութիւնը՝ շարք մը արեւմտեան երկիրներու կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ի նպաստ ցուցաբերուած օժանդակութեան բերումով։ Նախագահը կ՚ընդգծէ թրքական կողմի ակնկալութիւնը՝ որպէսզի այդ բոլորը կասեցուին։

Քառակողմ գագաթաժողովի աւարտին նախատեսուած է մասնակից ղեկավարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսը, որով համաշխարհային հանրային կարծիքը տեղեակ կը պահուի արդիւնքներէն եւ որոշումներէն։

Հարկ է նշել, որ թրքական դիւանագիտութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր աշխատանք կը տանէր այս ձեւաչափով գագաթաժողով մը կազմակերպելու նպատակով, ինչ որ այսօր արդէն իրականութիւն կը դառնայ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՔԱԼԸՆ

Նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալընն ալ երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ այսօրուան գագաթաժողովին շուրջ։ Ան բացատրեց, որ Իտլիպի վերաբերեալ համաձայնութենէն ի վեր Սուրիոյ տագնապը նոր փուլի մէջ է թէ՛ դաշտի վրայ եւ թէ դիւանագիտական շրջագծի առումով։ Թուրքիոյ հիմնական նպատակն է՝ վերահաստատել, որ լուծումը պիտի ըլլայ ո՛չ թէ ռազմական, այլեւ՝ քաղաքական։ Այս սկզբունքի հիման վրայ, ըստ Քալընի, այսօրուան գագաթաժողովի մասնակից ղեկավարները կը քննարկեն, թէ արդեօք ի՞նչ նոր բանաձեւումներ կրնան օրակարգի վրայ բերուիլ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2018