ԲԱԽՏՈՐՈՇ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի ռազմաճակատի բոլոր ուղղութիւններով։ Երէկ արդէն շուտով յայտնի դարձած էր, որ շաբաթավերջին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան խրախուսանքով երրորդ անգամ վերահաստատուած մարդասիրական հրադադարը տապալած է։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Հայաստանի եւ Արցախի մարմիններուն կողմէ կատարուած հաղորդումները ապացուցանեցին, որ Ատրպէյճան արդէն հերթական անգամ կը խախտէր հրադադարը եւ պատրաստակամ չէր հնազանդելու համար։ Բնականաբար, Պաքուէն հասած լուրերն ալ մեղադրանքներ կը բովանդակէին նոյն ձեւով՝ հայկական կողմին դէմ։ Սա արդէն առկայ պատերազմի պայմաններուն ներքեւ դարձած է օրինաչափութիւն։ Փոխադարձ մեղադրանքները միշտ կը հնչեն թէ՛ հրադադարի խախտումներու եւ թէ քաղաքային բնակչութեան թիրախաւորման հարցերուն շուրջ։ Պատերազմի ընդհանուր երթին եւ ցոլացած համայնապատկերին վրայ այդ բոլորը ինքնաբերաբար կը գտնեն իրենց իմաստը, թէ իրականութեան մէջ ո՛ր կողմէն մատուցուած տուեալները աւելի համոզիչ ըլլալ կը թուին։ Բայց եւ այնպէս, այդ բոլորին մէջ խորանալը պատերազմի դաժան իրականութիւնները փոփոխութեան չ՚ենթարկեր։ Առարկայական իրողութիւնը այն է, որ Արցախի ռազմաճակատին վրայ բախտորոշ գործողութիւններ կ՚ընթանան։ Ո՛չ միայն կարելի չէ եղած երրորդ անգամ վերահաստատուած մարդասիրական հրադադարը պահել, այլեւ՝ ընդհակառակն, Ատրպէյճանի բանակի յարձակումներով պատերազմը թափ ստացած է աննախընթացօրէն։ Այս պահու դրութեամբ խնդրոյ առարկայ են բախտորոշ գործողութիւններ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի ընդհանուր երթին տեսակէտէ ճակատագրական բնոյթ ստացած է ռազմաճակատի հարաւային հատուածը։

Երեւեանի եւ Ստեփանակերտի պաշտօնական աղբիւրները երէկ օրուան տեւողութեան թէժ մարտերու ընթացքին կապակցութեամբ պարբերաբար փոխանցեցին տեղեկութիւններ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ երեկոյեան տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի բանակը յաջողած է գրաւել Քուպաթլուն եւ որոշ ուղղութիւններով յառաջանալ, սակայն չէ յաջողած ճեղքել ռազմաճակատը եւ յստակ բնագիծը պահպանուած է։ Հայկական զօրքերու ստորաբաժանումները հակագրոհներով վերականգնած են առաջնագիծը։ Հադրութէն դէպի հիւսիս գտնուող գիւղերու, անտառներու մէջ շարունակուած են Ատրպէյճանի բանակի ներթափանցման գործողութիւնները։ Հայկական զօրքերը ազդու միջոցներ ձեռք առած են անոնց դէմ։ Նոյն հատուածէն ներս, ըստ երէկ երեկոյեան հրապարակուած տուեալներուն, մարտերը կը շարունակուին Շեխեր, Ջիվանի եւ Ազոխ գիւղերուն ու յարակից շրջաններուն մէջ։

Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան սարքած հերթական մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց նաեւ, որ Ատրպէյճանի զօրքերը մօտեցած են Հայաստանի հարաւի՝ Սիւնիքի մարզի դարպասները, բայց իրավիճակը ծայրայեղ չէ։

Երէկ օրուայ աւարտի յիշեալ լուսաբանութիւններէն վերջ, այս առաւօտ ալ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները հաղորդումներ կատարեցին գիշերուայ վիճակին շուրջ։ Այսպէս, գիշերուայ ընթացքին հակամարտութեան գօտիէն ներս պահպանուած է յարաբերական կայուն-լարուած իրադրութիւնը։ Տեղային նշանակութեամբ մարտերը շարունակուած են ռազմաճակատի զանազան ուղղութիւններով։ Այս առաւօտ Ատրպէյճանի բանակը ռազմաճակատի հարաւային ուղղութեան վրայ վերստին խտացուցած է իր յարձակումները։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեանի կողմէ տրամադրուած տեղեկութիւններով, ժամը՝ 10.00-10.15-ի սահմաններուն Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը թիրախաւորած են Հայաստան-Իրան սահմանամերձ շրջանի դիրքերը։ Ռմբակոծուած են հայկական սահմանապահ ուղեկալի դիրքերը՝ զանազան զինատեսակներով։ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ օգտագործուած անօդաչու թռչող սարքերէն մէկը ինկած է Հայաստանի տարածքէն ներս։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պիտի պարտաւորուի փոխադարձ հարուածներ հասցնելու։

ԻՐԱՆԷՆ ԿՈՒՏԱԿՈՒՄՆԵՐ

Առկայ պայմաններուն ներքեւ պատերազմի ընթացքին մտահոգութեամբ եւ զգօնութեամբ կը հետեւի նաեւ Իրան, որու Հայաստանի հետ ունեցած սահմանին երկայնքով լարուածութիւնը օրէ օր կ՚աւելնայ։ Թեհրանի ղեկավարութիւնն ալ սահմանամերձ շրջաններէն ներս կը խստացնէ անվտանգութեան միջոցները։ Կը հաղորդուի, որ Իրան զօրքեր կը կուտակէ Արաքսի երկայնքով։ Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Թուրքիոյ հետ սահմանամերձ շրջաններէն ներս «Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններ»ու ստորաբաժանումները վերատեղադրուած են, Նախիջեւանի մօտակայ հատուածներով հանդերձ։ Այդ զօրքերու հրամանատարը՝ Հիւսէյին Սալամին ալ այցելեց Իրանի հիւսիսի Խոտաֆարինի շրջանը։ Միջազգային լրահոսին վրայ վերլուծութիւններն ալ աւելի յաճախակի դարձած են Իրանի կապակցութեամբ։ Այդ բոլորը կը բիւրեղանան ռազմավարական խնդիրներով, քաղաքական նկատառումներով եւ ազգային շահերով։ Որոշ մեկնաբաններ կը կանխատեսեն, թէ Իրան վաղ թէ ուշ կրնայ պարտաւորուիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան միջամտելու՝ ի նպաստ կողմերէն մէկուն։ Այս տեսակէտէ Թեհրանի ապագայ հաւանական դերակատարութեան տեսանկիւնէն կան բազում կանխատեսումներ կամ վարկածներ։ Թեհրան շաբաթներէ ի վեր պաշտօնապէս կոչ կ՚ուղղէ, որ հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծուի։

ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ

Ուաշինկթընի ջանքերով վերահաստատուած հրադադարը թէեւ ամբողջութեամբ տապալած է, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ պնդեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հրադադարը կը պահպանուի։ Ստեղծուած իրավիճակին արձագանգեց նաեւ Մոսկուայի ղեկավարութիւնը։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ ռուսական կողմը կը շարունակէ ուշադրութեամբ հետեւիլ հակամարտ կողմերու շփման գօտիէն ներս ստեղծուած իրավիճակին։ Ան կրկնեց, որ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի։ Քրեմլինի բանբերը նշեց նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի մրցակցութեան ասպարէզ պէտք չէ դառնայ։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ երէկ Արցախի հակամարտութեան գօտիէն ներս խաղաղութեան հասնելու ուղղեալ միջազգային ջանքերը քննարկեց Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ՝ Աթէնքի մէջ։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Պետական տումայի ԱՊՀ-ի, Եւրոասիոյ համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու հարցերով յանձնաժողովի առաջին փոխ-նախագահ Քոնստանդին Զատուլինն ալ երէկ յայտարարութիւն մը ըրաւ այս պատերազմին կապակցութեամբ։ Ան մեկնաբանեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ մինչեւ վերջ երթալու մասին յայտարարութիւնը։ «Ալիեւ ինքն ալ չի հաւատար իր խօսքերուն, թէ հայերը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ՚ապրին, ինչպէս ատրպէյճանցիները Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Ան բազմիցս ցոյց տուած է իսկական վերաբերմունքը հայ ժողովուրդին դէմ», ըսաւ ան։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՅԼԵՐԸ

Ռազմաճակատի վրայ երրորդ անգամ տապալած հրադադարի պայմաններուն ներքեւ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման հարցին կապակցութեամբ կ՚ակնկալէ Ուաշինկթընէն արձագանգ մը։ Ըստ իրեն, հայկական կողմը ամէն ինչ ըրած է հրադադարի պահպանման համար։ Փաշինեան տեղեկացուց, որ կէս գիշերին հեռախօսազրոյց մը ունեցած է ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Ան ճիշդ չհամարեց Փոմփէոյի խօսքերուն վերաբերեալ տեղեկութիւններու հրապարակումը եւ ընդգծեց, որ կ՚ակնկալէ նախագահ Թրամփի արձագանգը։ «Դեռ յոյս ունիմ, թէ արդիւնք կու տան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երեք երկիրներու՝ Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի նախագահներու ջանքերը», ըսաւ Փաշինեան։ Բաց աստի, վարչապետը շեշտեց, որ Ատրպէյճան չ՚ուզեր հարցի կարգաւորուիլը, այլեւ կը ձգտի Լեռնային Ղարաբաղը ինքզինքին ենթարկել։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ։ Ան տեղեկութիւններ փոխանցեց ռազմաճակատի իրադրութեան շուրջ։ Փաթրուշեւ հերթական անգամ ընդգծեց հարցի խաղաղ ու դիւանագիտական ճանապարհով կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Ստեփանակերտի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Արցախի Պաշտպանութեան նախարար Ճալալ Յարութիւնեան վիրաւորուած է երէկուան մարտերուն ժամանակ։ Թէեւ իր կեանքին վտանգ չի սպառնար, սակայն ան ի վիճակի չէ պաշտօնը շարունակելու։ Ուստի, Արցախի պաշտպանութեան նոր նախարար նշանակուած է Միքայէլ Արզումանեան, որ յետ այսու պիտի ըլլայ Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2020