ՆՐԲԱՆԿԱՏ ՈՒ ՇՐՋԱՀԱՅԵԱՑ

Ազգային մեծ ժողովի Մարդու իրաւանց ուսումնասիրութեան յանձնաժողովը երէկ այցելութիւններ տուաւ Պատրիարքարան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ, Թուրքիայէ ներս ստեղծուած մթնոլորտի պայմաններուն ներքեւ, մեր երկրի հայկական արմատներով քաղաքացիներու կացութեան վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու նպատակով կազմակերպուած այցելութիւններ էին երէկուանները։ Խորհրդարանի յանձնաժողովի անդամները այս նպատակով փութացած էին Իսթանպուլ։ Գումգաբուի մէջ անոնք հիւրընկալուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ ալ պատգամաւորները տեսակցեցան Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։ Այս յանձնախումբը կը գլխաւորէ ԱՔ կուսակցութենէն Պուրսայի երեսփոխան Հաքան Չավուշօղլու։ Միւս անդամներն են՝ Ահմէտ Չելիք, Աթայ Ուսլու, Կիւլիստան Քըլըչ Քոչեիղիթ, Մահմուտ Թանալ, Մեհմէտ Պիւլենտ Քարաթաշ, Օսման Նուրի Կիւլաչար, Օյա Էրօնաթ եւ Սերվէթ Իւնսալ, որոնց միացած էին նաեւ օրէնսդրական երկու մասնագէտներ, որպէս վարչական անձնակազմի ներկայացուցիչ՝ Ահմէտ Եըլտըզ եւ Ռըզա Ֆուրքան Չէօզմէ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դահլիճին մէջ զրուցեց պատգամաւորներուն հետ՝ իր կողքին ունենալով Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը։ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ բազմանդամ երեսփոխանական խումբը հիւրընկալեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ։ Պատերազմական իրավիճակի մէջ յառաջացած կացութիւնով եւ այդ հանգամանքով պայմանաւորուած դժուարութիւններով հետաքրքրուելու առընթեր, երեսփոխանները ուզեցին մանրամասնութիւններ լսել նաեւ այն խնդիրներուն կապակցութեամբ, որոնք ներկայիս առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնեն թրքահայ համայնքի օրակարգը։

Երէկուան այցելութեան կապակցութեամբ այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ, որ մեզի որոշ մանրամասնութիւններ փոխանցեց երեսփոխաններու հետ ունեցած քննարկումներու բովանդակութեան շուրջ։ Մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ տեւած է երէկուան զրոյցը, որու կապակցութեամբ Շիրինօղլու մեզի յայտնեց հետեւեալը. «Յարգելի երեսփոխանները մասնաւորաբար փափաքեցան տեղեկութիւններ քաղել Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին բերումով մեր համայնքի կրած ազդեցութիւններուն կապակցութեամբ։ Մենք յստակօրէն բացատրեցինք, որ դէմ ենք ամէն տեսակ պատերազմի։ Որպէս անձնական համոզում՝ դիտել տուինք, որ այս պատերազմը պէտք է աւարտի, խնդիրը պէտք է կարգաւորուի։ Թուրքիա եւ Ռուսաստան պէտք է համատեղ ջանքերով ճար մը գտնեն, որ տասնամեակներէ ի վեր կը մնայ անլոյծ։ Այլեւս արդար լուծում մը պէտք է գտնել այս հարցին։ Մեր յարգելի երեսփոխանները մասնաւորապէս հետաքրքրուեցան, թէ արդեօք Իսթանպուլի մէջ մասնաւոր դժուարութիւն մը յառաջացա՞ծ է մեր համայնքին տեսակէտէ։ Ես յիշեցուցի, որ մեր Պատրիարքարանի փողոցէն դրօշակներով քանի մը ինքնաշարժ անցած է եւ ցայսօր արձանագրուած հիմնական երեւոյթը այս մէկն է։ Բաց աստի, մեր երկրի քաղաքական կուսակցութիւններէն մին մեծադիր պաստառ մը պարզած է մեր հիւանդանոցի՝ երկաթգիծերու նայող հատուածի պատին վրայ։ Անմիջապէս կապ հաստատեցինք այդ կուսակցութեան Զէյթինպուրնուի շըր-ջանային ղեկավարութեան հետ։ Խնդրեցինք, որ այդ պաստառը մեր հիւանդանոցի պատէն հեռացուի՝ հաւանական թիւրիմացութիւններու տեղի չտալու համար։ Անոնք ալ անմիջապէս ընդառաջեցին մեր խնդրանքին։ Արդէն մեր եկեղեցիներուն եւ բոլոր հաստատութիւններուն համար ձեռք առնուած անվտանգութեան միջոցներն ալ խստացուած են այս շրջանին։ Բաց աստի, յարգելի երեսփոխանները տեղեկութիւններ պահանջեցին պետութեան կողմէ մեր համայնքային հաստատութիւններուն ցուցաբերուած նիւթական օժանդակութիւններու հարցին շուրջ։ Մենք բացատրեցինք, թէ մեր եկեղեցիները, սրբավայրերը կը վայելեն որոշ աջակցութիւն, սակայն մեր կրթական հաստատութիւնները, դպրոցները պետական զօրակցութենէ զուրկ են։

«Անկեղծ, օգտաշատ հանդիպում մը եղաւ։ Մենք Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներն ենք, ծայր աստիճան զգուշութեամբ կը յարգենք մեր քաղաքացիական պատասխանատուութիւնները։ Եւ այս ծիրին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեցինք յարգելի երեսփոխաններուն կողմէ ցուցաբերուած նախանձախնդրութեան, ընծայուած հետաքրքրութեան համար»։

Պատրիարքարանի դիւանն ալ երէկ մանրամասնութիւններ հաղորդեց երեսփոխաններու այցելութեան կապակցութեամբ։ Այսպէս, Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, խորհրդարանական պատուիրակութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ընդունուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Հիւրերը կեդրոնացան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծագած պատերազմի մթնոլորտին զուգահեռ թրքահպատակ հայերու կեանքէն ներս ստեղծուած վիճակին վրայ։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սկսած բախումներուն եւ լարուածութեան բերումով Իսթանպուլի մէջ յառաջացած մթնոլորտն ու համայնքային կեանքին վրայ ունեցած անդրադարձը ուսումնասիրելու հետամուտ էին անոնք։ Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց խորհրդարանական պատուիրակութեան այցելութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ այս օրերուն անոնք տեղին նախաձեռնութիւնով մը փութացած էին այցելութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ներկայ իրավիճակին մէջ կենսական նշանակութիւն վերագրեց այս հանդիպման, որ առիթ հանդիսացաւ նաեւ թարգման հանդիսանալու մեր համայնքի զանազան խնդիրներուն։ Ան մանրամասնութիւններ ներկայացուց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ առկայ ինչ-ինչ հարցերու շուրջ, որոնք լուծման կը կարօտին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած հետաքրքրութեան համար ու շեշտեց իր համոզումը, թէ մեր համայնքի խնդիրներուն ալ լուծման հասցէն է երկրի օրէնսդիր մարմինը՝ խորհրդարանը, ինչպէս Թուրքիոյ բոլոր խնդիրներու պարագային։

Զրոյցի տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը առանձնապէս կանգ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմական վիճակին հետեւանքով զանգուածային լրատուութան միջոցներու եւ ընկերային ցանցերու մօտ ստեղծուած մթնոլորտին տեղ գտած արտայայտութիւններուն վրայ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ցաւ յայտնեց, որ այդ արտայայտութիւններէն ոմանք քինախնդրութիւն եւ ատելութեան զգացում կը հրահրեն Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներուն դէմ։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս համայնապատկերին վրայ գոհունակութեամբ մատնանշեց, որ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր շինիչ ու դրական արտայայտութիւններ կ՚ունենան իրենց ելոյթներուն մէջ՝ երկրի հայազգի հայրենակիցներու պարագային։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ մեր համայնքի անդամները միշտ կ՚առաջնորդուին այն համոզումով, թէ կը գտնուին մեր պետութեան երաշխաւորութեան ներքեւ։

Զրոյցի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ իբրեւ նախազգուշական քայլ՝ արդէն անվտանգութեան միջոցներ ձեռք առնուած են մեր սրբավայրերուն եւ համայնքային հաստատութիւններուն համար։ Թրքահայ ազգային-եկեղացական կեանքը կ՚ընթանայ խաղաղ մթնոլորտի, բնականոն հունի մէջ։

Երեսփոխանները Գումգաբուէն հրաժեշտ առնելէ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ փոխանցուած մանրամասն լուսաբանութիւններուն եւ ցուցաբերուած անկեղծ վերաբերմունքին համար։ Անոնք նշեցին, որ իրենց քաղած տեղեկութիւններուն կապակցութեամբ պիտի պատրաստեն մասնաւոր տեղեկագիր մը եւ այդ մէկը պիտի յանձնեն պատկան վերադաս մարմիններու նկատառման։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2020