ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԼՍՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ փակ քննարկում մը՝ Ատրպէյճանի հետ շփման գծի առկայ վիճակին, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացին շուրջ։ Խորհրդարանական դռնփակ լսումներէն վերջ, հրատապ բնոյթով քննարկումներուն կապակցութեամբ յայտարարութիւնով մը հանդէս գալու համար համաձայնութիւն չգոյացաւ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ընդդիմադիր երեսփոխաններու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած փակ նիստի ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի առաջին տեղակալ Կամօ Քոչունց եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու հրամանատար Արման Մարալչեան։ Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութենէն Սէյրան Օհանեան ժողովէն վերջ ներկայացուց որոշ մանրամասնութիւններ եւ իր եզրակացութիւնները՝ շփման գծի առկայ իրավիճակին կապակցութեամբ։ Ծանօթ է, որ ան Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն է եւ Արցախի հերոս։ Ըստ իրեն, երէկուան քննարկումներուն ընթացքին իրենք բազմաթիւ հարցումներու պատասխանը չեն ստացած։ «Չստացանք պատասխանը հարցումներու, որոնք պէտք է ուղղուած ըլլային պատերազմէն յետոյ իրավիճակի գնահատման, այդ շրջանակներէն ներս մեր պետութեան մէջ ռազմավարական վերանայման իրականացման։ Նկատի ունիմ անվտանգութեան միջավայրի ամբողջական գնահատումը, Հայաստան-Ատրպէյճան շփման գծի իրավիճակը եւ Հայաստանի կողմէ ձեռնարկուած միջոցառումները», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ ըստ հրադադարի յայտարարութեան՝ կողմերը պէտք է կանգնէին այնտեղ, ուր մարտական գործողութիւնները աւարտած էին։

Սէյրան Օհանեանի խօսքով՝ երէկուան քննարկումներու լոյսին տակ կարելի է եզրակացնել, թէ որեւէ հիմք չէ եղած, որպէսզի հայկական զօրքերը ետ քաշուին այն դիրքերէն, ուր պատերազմը աւարտած էր՝ յատկապէս Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի հատուածին մէջ։ «Մենք կ՚եզրակացնենք, որ այդ բոլորը իրականացուած է բանաւոր կերպով», ըսաւ ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավարը։

Օհանեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու համագործակցութեան մակարդակը պէտք է բարձրացնել։ Գործունակութիւն պէտք է հաստատուի, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային մէկը միւսին փոխարինէ։ «Ընդդիմութիւնը մտահոգ է, թէ իշխանութիւնը ստուերային պայմանաւորուածութիւններ պիտի ունենայ», ըսաւ Օհանեան եւ աւելցուց, որ իրենց դաշինքի նպատակը եղած է հասկնալ իրադրութիւնը եւ կանխել, դիմադրութեան շարժում ստեղծել, որ հրադադարի յայտարարութեան նման յայտարարութիւն մը այսօր գոյութիւն չունի։

Ըստ Օհանեանի փոխանցած մանրամասնութիւններուն, փակ քննարկման ժամանակ անդրադարձ կատարուած է նաեւ ճանապարհներու խնդրին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021