ՁԵՌՆՏՈՒ ՄԻՋԱՎԱՅՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան իրենց հերթական հանդիպումը, որու առթիւ կատարուած յայտարարութիւններուն մէջ դարձեալ պատգամներ հասցէագրուեցան Հայաստանին։ Ըստ Էրտողանի, եթէ Երեւան անկեղծ կամք մը դրսեւորէ Պաքուի հետ առկայ հարցերու լուծման ուղղութեամբ, ապա որեւէ արգելք պիտի չմնայ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման առջեւ։ Երկու նախագահներու երէկուան ժամադրութեան առթիւ յայտարարուեցաւ, որ տարածքաշրջանէ ներս մշտական խաղաղութեան հաստատման համար միջավայրը ձեռնտու է աւելի քան երբեք։ Ըստ Էրտողանի, սա խնդրոյ առարկայ է նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու պարագային։ Արդարեւ, այս գեղեցիկ տարածքաշրջանէն ներս խաղաղութեան մէջ փայլուն ապագայ մը հնարաւոր է։

Էրտողանի եւ Ալիեւի երէկուան հանդիպումը տեղի ունեցաւ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս։ Զանգելանի Աղալը գիւղէն ներս առանձնազրոյց մը ունենալէ վերջ անոնք սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Ֆիզուլիի միջազգային օդակայանի պաշտօնական բացման մասնակցելու զուգահեռ, անոնք զանազան ճանապարհներու հիմնարկէքն ալ իրականացուցին։ Էրտողան նշեց, որ Ալիեւի հետ շօշափած են երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքն ու տարածքաշրջանի իրադարձութիւնները բոլոր երեսակներով։ Անոնք արժեւորած են նաեւ Ղարաբաղի զարգացման վերաբերեալ ծրագրերու այժմու վիճակը եւ ապագան։ Մօտաւոր անցեալի Շուշիի հռչակագրով Անգարա եւ Պաքու ռազմավարական դաշնակիցներ դարձած են եւ այժմ հետամուտ են յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի զարգացնելու։ Ըստ Էրտողանի, կողմերը կ՚առաջնորդուին «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» ըլլալու հասարակաց գիտակցութեամբ ու ոգիով։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճան փառաւոր յաղթանակով մը վերջ տուած է այն բռնագրաւման, որ կը խոչընդոտէր շրջանի բուն ներուժի կեանքի կոչուիլը։ Տարիներէ ի վեր չգործադրուած ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի որոշումը Ատրպէյճանի իսկ կողմէ գործադրուեցաւ։ Ուստի, պէտք է վարուիլ տարածքաշրջանի նոր կացութեան համապատասխան ձեւով։ 

Էրտողան բացատրեց, որ թրքական կողմը կողմնակից է տարածքաշրջանէ ներս մշտական խաղաղութեան ու համապարփակ բնականոնացման։ Արդարեւ, այդ աշխարհագրութենէն անցնելիք երկաթուղիներն ու ցամաքուղիները ոչ միայն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, այլեւ ամբողջ տարածքաշրջանին համար տնտեսական եւ առեւտրական հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծեն։ Այս տարածքաշրջանի տարանցիկ կեդրոն մը ըլլալու դիրքը պիտի ամրապնդուի։ Ներառեալ Իրանը, Վրաստանն ու Հայաստանը՝ Ատրպէյճանի բոլոր հարեւանները այս զարգացումէն պիտի օգտուին։ Ծրագիրները ներառական են, վանող բնոյթ մը չունին։ «Բնականաբար այս գործընթացին մէջ անհրաժեշտ է սահմաններու յստակացումը եւ փոխադարձ ճանաչումը։ Այս հասկացութիւնը բարիդրացիական յարաբերութիւններու հիմքը կը համարուի», ըսաւ նախագահը։

Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւն ալ նշեց, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համատեղ քայլերը մշտական հետք մը պիտի թողուն պատմութեան մէջ։ «Այս պատմութիւնը մենք միասին կը գրենք։ Ամբողջ պատերազմի ընթացքին միասին էինք, այսօր ալ միասին ենք», ըսաւ Ալիեւ եւ աւելցուց, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան համագործակցութիւնը թէ՛ տարածքաշրջանային եւ թէ համաշխարհային մակարդակի վրայ կարեւոր գործօն մը դարձած է։ Էրտողանի ղեկավարութեամբ Թուրքիա համաշխարհային մակարդակով մեծ ուժ մը դարձած է ու ոեւէ մէկը չի կրնար իր կամքը պարտադրել անոր։ Բաց աստի, Ալիեւի խօսքով՝ ամբողջ թրքական աշխարհին համար ալ Էրտողան կարեւորագոյն գործօններէն մին է, ինչ որ պէտք է արժեւորուի։

Ալիեւ դիտել տուաւ նաեւ, որ երէկ հիմնադրուած ճանապարհները մաս կը կազմեն Զանգեզուրի միջանցքին։ Այս միջանցքը ամբողջ թրքական աշխարհը պիտի միացնէ։ «Թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Ատրպէյճան անհրաժեշտ, գործնական քայլերը պիտի առնեն, որպէսզի Զանգեզուրի միջանցքը իրականութիւն դառնայ։ Վստահ եմ, թէ այդ քայլերը մօտաւոր ապագային պիտի տան իրենց պտուղը», ըսաւ Ալիեւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այն թրքական ընկերութիւններուն, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն Ատրպէյճանի ազատագրուած տարածքներէն ներս։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021