ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան պատմական այցելութիւն մը կու տայ դէպի Սէուտական Արաբիա։ Այս ուղեւորութիւնը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի եւ անկիւնադարձ մը կը դառնայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ։ Յամենայնդէպս, ընդհանրապէս հայ-արաբական յարաբերութիւններուն տեսակէտէ ալ հեռանկարներ կը խոստանայ այս ուղեւորութիւնը։ Աշխատանքային այցելութիւնը, միանշանակ, աննախադէպ իրադարձութիւն մըն է։ Շրջադարձային բնոյթը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ Հայաստանի անկախութենէ ի վեր Սէուտական Արաբիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չեն հաստատուած։ Ցայսօր դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ Երեւանէն որեւէ պաշտօնեայ երբեք չէր այցելած Ռիատ։ Ուստի, Արմէն Սարգսեանի ներկայ աշխատանքային այցելութիւնը աննախընթաց է։

Արաբական եւ իսլամական աշխարհէն ներս բացառիկ դերակատարութեան եւ նշանակութեան տէր երկիր մըն է Սէուտական Արաբիա, որու կշիռը անվիճելի է։ Ռիատի օդակայանին մէջ նախագահ Արմէն Սարգսեան դիմաւորուեցաւ պետական արարողակարգով, մինչ կը ծածանէր հայկական եռագոյնը։ Զինքը ողջունելու փութացած էր Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործոց պետական նախարար Ապտիւլ Ճապպար։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան Ռիատի մէջ մասնակցութիւն բերաւ նաեւ «Ապագայ ներդրումներու նախաձեռնութիւն» (Future investment initiative) համաժողովին, որ կազմակերպուած է 5-րդ անգամ։ Այս համաժողովի մասնակիցներու շարքին են բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ, նախարարներ, անդրազգային եւ համաշխարհային խոշոր ընկերութիւններու ղեկավարներ ու գործարարներ։ Նախագահ Սարգսեան համաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին՝ Մուհամմէտ պին Սելմանի հետ։ Անոնք զրուցեցին երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու անհրաժեշտութեան եւ համագործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ։ Կողմերը համոզուած են, թէ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու պատմական հարուստ առընչութիւնները լաւ հիմք մը կը հանդիսանան ապագային միտուած միջպետական յարաբերութիւններու կառուցման համար։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021