ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը վերջերս լոյս ընծայեց համանուն հայագիտական հանդէսի 41-րդ թիւը։ «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի հերթական համարի հրատարակութեան առթիւ անցեալ շաբաթավերջին շնորհանդէս մըն ալ տեղի ունեցաւ համալսարանի համալիրէն ներս։ Ձեռնարկին մասնակցեցան Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան, համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեան, Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան մշակոյթի կցորդ Դաւիթ Ալլավերտեան, հանդէսի խմբագրակազմը եւ հայագիտութեամբ շահագրգռուած մշակութասէր հիւրեր։ Ըստ սովորութեան, համալսարանի սրահի կեդրոնին զետեղուած էին «Հայկազեան» հանդէսի նախորդ, վերջին եւ 50-ամեակի յոբելենական համարները։ Նոյնպէս ներկայացուած էին «Տէրեան» հայագիտական գրադարանին կողմէ անցեալ տարի ձեռք բերուած համապատասխան մասնագիտական հրատարակութիւններու փունջ մը։

Ըստ համալսարանի աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան, բացման խօսքով հանդէս եկաւ խմբագրակազմի անդամ տքթ. Արմէն Իւրնէշլեան։ Գլխաւոր ատենախօսն էր հանդէսի պատասխանատու խմբագիր տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան։ Արտայայտուեցաւ նաեւ վերապատուելի Փոյլ Հայտոսթեան։ Տագէսեան այս առթիւ ընդգծեց հանդէսի բարոյահոգեբանական ներուժը։ Ան ըսաւ. «1990-էն ի վեր հանդէսը ամէն տարի ոգեւորիչ ղօղանջ կը հաղորդէ, որով շատեր կը ներշնչուին ու կ՚ամրապնդուին անոր հայագիտական բարի գործի շարունակման լրատուութենէն»: Ան առանձնացուց հանդէսին բերած նպաստը գիտական հայերէնի մշակման, հայագիտութեան սահմանումին գործնական ընդարձակումին՝ ըսաւ. «41-րդ այս հատորի յօդուածներուն շուրջ 30 տոկոսը կը վերաբերի 1995-էն ետքի նիւթերու. ընթերցողը հոս կը հանդիպի իր կենսագործունէութեան շրջանին վերաբերող ուսումնասիրութիւններու: Ասոնք նոր ընթերցողներ կը ներգրաւեն, հայագիտութիւնը կը թարմացնեն, կը դարձնեն աւելի ընդգրկուն եւ ժամանակակից, ապահովելով նաեւ շարունակման նոր գործօններ»: Ան հաւաստեց, թէ այսօր, հայագիտութեամբ զբաղող արտասահմանցի հայագէտներու շուրջ մէկ-երրորդ մը աշխատակցած է հանդէսին ու անդրադարձաւ անոր հաստատութենականացման գործընթացին, լեզուական, բովանդակային թէ այլ գիտական ազատականութեան, ընդգծեց հանդէսին ունեցած դերը՝ իբրեւ գիտական յօդուածագրութեան դարբնոց, հայագէտներու միջեւ հաղորդակցական ցանց յառաջացնող միջոց։ Տագէսեան իր խօսքերու վերջաւորութեան ըսաւ. «Հայ իրականութիւնը կ՚ապրի անկիւնադարձային վճռական հանգրուան. կացութիւնը առաւել վտանգալից կը դառնայ համաշխարհային առողջապահական, տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային այլ տագնապներու շեշտաւորումով, նոր աշխարհակարգի գործընթացով: Հետեւաբար, հայուն կը մնայ աւելի քան երբեւէ սրատես խորաթափանցութեամբ եւ առարկայական ազգային առաւելագոյն նախանձախնդրութեամբ վերատեսութեան ենթարկել, վերաքննարկել, ծանր ու թեթեւ ընել իր օրակարգերը, գործելաոճը մանաւանդ վարուելակերպային մօտեցումներն ու վերաբերումը իր ձեռք զարկած եւ իրեն առընչուող հարցերուն: Այսօր արտակարգ դրութեան մէջ ենք եւ այդ արտակարգ դրութիւնը արտակարգ միջոցներ եւ միջոցառումներ կը հրամայէ: Հայկազեան հայագիտական հանդէսի այս խմբագրականը սրտցաւօրէն եւ խրամատաւորուածի հանգամանքով ատիկա կ՚ահազանգէ»:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021