Ս. ԱԹՈՌԷՆ ՀԻՒՐ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Վատիկանի պետական քարտուղարի ընդհանուր հարցերով փոխանորդ Արքեպիսկոպոս Էտկար Փենիա Փարա այսօր երկօրեայ այցելութեամբ կը ժամանէ Երեւան, ուր կը մասնակցի Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան բացման պաշտօնական արարողութեան։ Այսպէսով Հայաստանի մէջ պիտի սկսի պաշտօնապէս գործել պապական նուիրակի պաշտօնական գրասենեակը։

Արքեպիսկոպոս Փարա երկօրեայ այցելութեան ընթացքին կ՚այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր կը հիւրընկալուի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Նախատեսուած են նաեւ իր հանդիպումները Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։

Ներկայ ամսուան սկիզբին թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ նախագահ Արմէն Սարգսեան պաշտօնական այցելութիւններ տուած էին Վատիկան, ուր ընդունուած էին Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021