ԿՈՒՏԱԿՈՒԱԾ ՇԱՏ ՀԱՐՑԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտարարեց, որ կառավարութիւնը բոլոր ջանքերը կը գործադրէ, որպէսզի մինչեւ տարեվերջ ստորագրուի Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը։
Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր յայտարարութիւններ ըրաւ երկրի հրատապ օրակարգի հարցերուն շուրջ։ Վարչապետ Փաշինեան խորհրդարանի ամպիոնէն ըսաւ. «Անկեղծ պէտք է ըսեմ՝ ես կը ցանկանամ, որ այդ մէկը կնքուի մինչեւ այս տարեվերջ։ Թէ սա ինչքանո՞վ իրատես է. ես այս հարցումին կը պատասխանեմ հետեւեալ ձեւով։ Ես եւ կառավարութիւնը հնարաւոր բոլոր ջանքերը կը գործադրենք, որպէսզի սա ըլլայ իրատես։ Մենք յոյս ունինք եւ սա կարեւոր նրբութիւն է, որ մինչեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը աւարտած ըլլան սահմանազատման աշխատանքները։ Թէ ինչքանո՞վ սա իրատես է։ Եթէ հաշուի առնենք, որ Փրակի մէջ մենք համաձայնած ենք, որ սա տեղի ունենայ 1991 թուականի սահմաններուն հիման վրայ, սա կրնայ ըլլալ իրատես, որովհետեւ այդ սահմանները, ըստ էութեան, յայտնի են»։
Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց նաեւ այն հանգամանքը, որ միջազգայնօրէն տեսանելի երկխօսութիւն սկսի Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Արցախի հայութեան իրաւունքներուն եւ պաշտպանութեան համար տեսանելի որոշ դրութիւններ պէտք է ըլլան։ «Թշնամանքը եւ ընդհանրապէս իրավիճակը պէտք է կառավարուի, որովհետեւ երբ սա անկառավարելի է, կրնայ միայն վնաս բերել։ Մնացեալը, աւելի բարձր յայտարարութիւններ, դժբախտաբար կամ բարեբախտաբար, չեմ կրնար ընել։ Բայց, ինձ համար փաստ է, որ ամէն ինչ պէտք է կառավարուի՝ ներառեալ թշնամանքը», շարունակեց Փաշինեան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան երէկ տեղեկացուց նաեւ, որ հոկտեմբերի 31-ին, Սոչիի մէջ կը նախատեսէ մէկտեղուիլ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Իր խօսքով՝ ռուսական կողմը ներկայացուցած է հրաւէր եւ ինք հաստատած է իր մասնակցութիւնը։ Ատրպէյճանի պատասխանին կապակցութեամբ տեղեկութիւն չունի։ Ինչ կը վերաբերի այս հանդիպման վերաբերեալ ակնկալութիւններուն՝ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ նման ձեւաչափով վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր անցեալ տարուան նոյեմբերին եւ ընթացքին շատ հարցեր կուտակուած են։ «Կը կարծեմ՝ ամենակարեւոր ակնկալութիւնները կը վերաբերին այս ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւններու գնահատականին եւ մեկնաբանութեան։ Ընդ որում, կրնամ աւելի ետ երթալ եւ հասնիլ մինչեւ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի յայտարարութիւնը։ Կը կարծեմ, թէ կան կուտակուած շատ հարցեր, որոնց վերաբերեալ որոշակի կարծիքի փոխանակում, պարզաբանումներ, հարցադրումներ պէտք է հնչեն։ Այդ հարցերու օրակարգը ձեզի յայտնի է՝ Լեռնային Ղարաբաղի կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման գործէն սկսեալ։ Տեղեակ էք, որ այս տարի մարտին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը ներխուժած են Ռուսաստանի խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիէն ներս։ Չեմ թաքցուցած, որ մեզի համար այդքան ալ անհասկնալի չէ խաղաղապահներու կողմէ արձագանգի բացակայութիւնը եւ, ըստ էութեան, ինչ միջոցներ ձեռնարկուած են այդ գործողութիւնները իրականացնելու համար։ Գիտէք, որ ի հեճուկս եռակողմանի աշխատանքային խումբին մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, Ատրպէյճանի կողմէ ինչ-որ միջանցքի մասին յայտարարութիւններ կը կատարուին, Ռուսաստանի մէջ ալ կան անհասկնալի մարդիկ, որոնք կը փորձեն այդ պատումը զարգացնել, ի հեճուկս Ռուսաստանի նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին եւ փոխ-վարչապետին կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն, ստորագրուած փաստաթուղթերուն։ Կան շատ հարցեր, որոնց վերաբերեալ շատ էական եւ աշխոյժ քննարկում պէտք է տեղի ունենայ», ընդգծեց Փաշինեան։
Երեսփոխանի մը հարցման պատասխանելով՝ վարչապետը յայտարարեց, որ Երեւան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) կ՚ակնկալէ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման ուղղեալ ճանապարհային քարտէսի մը ընդունումը։
«Հայաստան ՀԱՊԿ-էն երկու շատ յստակ ակնկալութիւն ունի։ Նախ՝ ՀԱՊԿ յստակ գնահատական պէտք է տայ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ Ատրպէյճանի բռնութեան։ Եւ երկրորդը՝ ընդունի ճանապարհային քարտէս մը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ», ըսաւ Փաշինեան եւ յիշեցուց, որ սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կատարած բռնութենէն յետոյ Հայաստան դիմած է ՀԱՊԿ-ին։ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի ժողովին առնուած որոշման հիման վրայ խումբ մը ուղարկուած է Հայաստան, իրավիճակը տեղւոյն վրայ դիտարկուած եւ գնահատուած է։ «Հիմա մենք յառաջիկային կը նախաձեռնենք, որպէսզի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստ մը գումարուի՝ այդ զեկոյցը քննարկելու համար։ Կը յուսամ, հնարաւորինս արագ տեղի կ՚ունենայ այդ նիստը», դիտել տուաւ վարչապետը եւ բացատրեց, որ ՀԱՊԿ-ին հասցէագրուած յիշեալ երկու ակնկալութիւնները թէ՛ Հայաստանի կառավարութեան եւ թէ հանրութեան ու ժողովուրդին ակնկալութիւններն են։ Այդ երկու որոշումներով պատասխան պիտի ստանան այն բազմաթիւ հարցումները, որոնք այս ընթացքին հանրութեան օրակարգին վրայ եկած էին։
Սոչիի մէջ նախատեսուած նոր եռակողմանի գագաթաժողովին կապակցութեամբ վերջին օրերուն Մոսկուայէն ալ հնչած էին յայտարարութիւններ։ Թէ՛ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով եւ թէ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա այս մասին ըրած էին կարեւոր հրապարակումներ։ Այսպէս, կը նախատեսուի, որ Սոչիի յառաջիկայ գագաթաժողովին քննարկուի եռակողմանի եւ երկկողմանի բնոյթով հարցերու ամբողջ շրջանակը։
Սոչիի եռակողմանի այս նոր գագաթաժողովի հաստատումէն անմիջապէս առաջ յայտարարուած էր նաեւ, որ նոյեմբերի առաջին շաբթուան տեւողութեան Պրիւքսելի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի նիստը։ Այս տեղեկութիւնը հաստատուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակին կողմէ։ Յիշեալ բանակցութիւններուն մէջ հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Մհեր Գրիգորեան։
Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքն ալ վերջին օրերուն հերթական յայտարարութիւններով հանդէս եկած էր Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման շուրջ։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի կամ Իրանի տարածքով Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ փոխադրութեան կապի ստեղծումը կարեւոր է «Հիւսիս-հարաւ» եւ «Արեւելք-արեւմուտք» հիմնական միջազգային փոխադրութեան միջանցքներու «խաչմերուկ» մը ստեղծելու համար։ Փոխադրութեան այս նախագծերու իրականացումը, ըստ Օվերչուքի, թոյլ կու տայ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի տնտեսութիւններուն «յաւելեալ վարձավճար» ստանալուն՝ կապուած Եւրոասիոյ մէջ անոնց աշխարհագրական դիրքի առաւելութիւններուն հետ։ Ալեքսէյ Օվերչուք նշեց, որ «Հիւսիս-հարաւ» միջազգային փոխադրութեան միջանցքի արեւմտեան երթուղին Հայաստանի փոխարէն կրնայ անցնիլ Ատրպէյճանով կամ Իրանով, եթէ երկիրը չլուծէ փոխադրութեան շրջափակման հարցը։
Հարկ է նշել, որ Օվերչուք տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերով Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ ստեղծուած փոխ-վարչապետներու մակարդակով աշխատանքային խումբին մաս կը կազմէ։ Իր յայտարարութիւնները միշտ կ՚ունենան կարեւոր երանգներ, որոնք կը մեկնաբանուին Ատրպէյճանի՝ Զանգեզուրի միջանցքի վերաբերեալ նկրտումներու համայնապատկերին վրայ։
Սոչիի մօտալուտ եռակողմանի գագաթաժողովին ընդառաջ Նիկոլ Փաշինեանն ալ հերթական անգամ զգայնութիւն արտայայտած է այս կապակցութեամբ՝ մատնանշելով նաեւ անհանգստութիւնը Ռուսաստանի պարագային նկատուած երկակի դիրքորոշումներուն կամ մօտեցումներուն առումով։