ՄՈՍԿՈՒԱ-ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՑՈԼԱՆԱՅ ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ՄԻՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման նպատակով տարուած միջնորդական աշխատանքը այս շրջանին զերծ չի մնար Ռուսաստան-Արեւմուտք մրցակցութենէն։ Այս առումով վերջին շրջանին յաճախ կը հնչեն յայտարարութիւններ, որոնց լոյսին տակ հետզհետէ կը գոյանայ այն համոզումը, թէ Հարաւային Կովկասի պարագային եւս ազդեցութեան պայքարը անխնայօրէն յառաջ կը տարուի։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Նէտ Փրայս եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա վերջին օրերու իրենց յայտարարութիւններով անհերքելի ապացոյցներ տուին այս մասին։ Փոխադարձ մեղադրանքներու մթնոլորտին մէջ Նէտ Փրայս յայտնեց. «Այստեղ մեր միակ նպատակն է օգնել այս երկու երկիրներուն՝ աշխատիլ միասին համապարփակ ու տեւական խաղաղութիւն հաստատելու եւ ի վերջոյ կեանքեր փրկելու համար։ Ես չեմ գիտեր, թէ այս կապակցութեամբ ի՛նչ բանը կարելի է մեկնաբանել՝ որպէս ինքնագովազդ», ըսաւ ան՝ ակնարկելով նաեւ Մարիա Զախարովայի պնդումներուն։

Բանբերը մատնանշեց, որ ԱՄՆ հաւատարիմ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն։ «Մենք երկու ղեկավարներն ալ խրախուսած ենք հանդիպիլ այն ձեւաչափով, որ առաւել օգտակար է անոնց համար։ Մենք կը կարծենք, որ ուղղակի երկխօսութիւնը առանցքային է խնդիրներու լուծման եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար», ըսաւ Նէտ Փրայս։

Անդրադառնալով Սոչիի յառաջիկայ եռակողմանի գագաթաժողովին՝ ան շարունակեց. «Ի վերջոյ, Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է որոշեն, որ արդեօք նախագահ Փութինի հրաւէրը օգտակար կամ պիտանի կ՚ըլլա՞յ անոնց համար կայուն խաղաղութեան ձգտման հարցին մէջ։ 2008 թուականին Ռուսաստանի ներխուժումը Վրաստան եւ անոր շարունակական դաժան ներխուժումը Ուքրայնա ցոյց կու տան, որ Մոսկուա քիչ կը յարգէ իր հարեւաններու ինքնիշխանութիւնը ու դժուար թէ ըլլայ յուսալի, երկարաժամկէտ գործընկեր։ Բայց, ի վերջոյ, սա պիտի ըլլայ որոշում մը, որ պէտք է կայացնեն Հայաստանն ու Ատրպէյճանը։ Հարաւային Կովկասի երկիրներու ինքնիշխանութեան ու անկախութեան, ի վերջոյ, ԱՄՆ-էն աւելի մեծ աջակցող չկայ»։

Իր կարգին, Զախարովան ալ նշեց, որ Մոսկուան եւ Երեւանը գժտեցնելու փորձերը յաջողութեամբ պիտի չպսակուին։ Իր խօսքով, Հայաստան աննախադէպ արտաքին ճնշման կ՚ենթարկուի։ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոմիութեան նպատակը հաւասարակշռուած լուծում գտնելը չէ, այլ կը նախատեսուի Ռուսաստանը Անդրկովկասէն դուրս մղել։ «Մենք վճռական ենք ամրապնդելու Հայաստանի հետ ռազմավարական դաշինքը», ըսաւ Զախարովա։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022