ՍԻԱՐԹՕ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հրաւէրով՝ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթօ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Երկու նախարարները այս առաւօտ առանձնազրոյց մը ունեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս, ուր օրուան տեւողութեան կը գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, նաեւ հանդէս կու գան համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։ Հիւր նախարարը կ՚ընդունուի նաեւ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութենէն դէմքերու կողմէ։

Երեւան-Պուտափեշտ յարաբերութիւնները մօտաւոր անցեալին լուրջ ցնցում մը դիմագրաւած էին։ Անոնց միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատումէն վերջ սա կը հանդիսանայ բարձր մակարդակի վրայ առաջին շփումը։

Հունգարիա թէեւ Եւրոպական Միութեան անդամ է, սակայն, իր մօտեցումները բաւական ուշագրաւ են Ռուսաստանի պարագային՝ քանի ան հանդէս կու գայ աւելի չափաւոր դիրքորոշման ի նպաստ։ Միեւնոյն ժամանակ Հունգարիա Թուրքիա-Ատրպէյճան թանտեմին ալ շատ մօտ երկիր մը կը համարուի։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2023