ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարները երէկ անպաշտօն հանդիպում մը ունեցան Թիֆլիզի մէջ, ուր ներկայ էին Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան եւ ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հելկա Շմիտ։ Թիֆլիզի հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, որ առանձնազրոյց մըն ալ ունեցաւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Կէորկի Քվիրիքաշվիլիի հետ։
Թիֆլիզի հաւաքին ժամանակ ունեցած ելոյթին ընթացքին Նալպանտեան բարձր գնահատեց ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանին ի նպաստ ցուցաբերուած շարունակական աջակցութիւնն ու օժանդակութիւնը, ինչ որ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ բարեփոխումներու գործընթացի իրականացման եւ կառոյցներու կարողութիւններու արդիւնաւէտ զարգացման տեսակէտէ։ Ան նշեց, որ Երեւան կ՚ողջունէ Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան վերանայման գործընթացը ու կարեւորեց գործընկեր պետութիւններու ներգրաւումը անոր մէջ։ Հայկական կողմը դրական կ՚ընկալէ, որ ԵՄ-ի խորհուրդի քննարկումներուն արդիւնքը կը ցոլացնէ տարբերակման սկզբունքը։ Ան գոհունակութեամբ յիշեցուց նաեւ, թէ ԵՄ-ի խորհուրդը որոշած է լիազօրել Եւրոյանձնաժողովն ու բարձր ներկայացուցիչը՝ սկսելու համար Հայաստանի հետ նոր համաձայնագրի մը շուրջ բանակցութիւնները, որոնք պիտի սկսին մօտ օրէն։
Նախարարը յիշեցուց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է՝ կնքելու համար ընդհանուր օդագնացութեան համաձայնագիր մը։ «Մենք մեծ կարեւորութիւն կու տանք մարդկային շփումներուն եւ մեր քաղաքացիներու ընդլայնուած շարժունակութիւնը կը դիտարկենք որպէս կարեւոր նախադրեալ՝ մեր հասարակութիւնները իրարու աւելի մօտ դարձնելու համար։ Արդէն երկու տարիէ ի վեր կ՚իրականացուին ԵՄ-Հայաստան մուտքի արտօնութեան դիւրացման եւ ետընդունման համաձայնագրերը։ Համոզուած ենք, որ հասունցած է պահը՝ յառաջ երթալու եւ սկսելու մուտքի արտօնութիւններու դրութեան ազատականացման շուրջ երկխօսութիւնը», ըսաւ Նալպանտեան։
Անդրադառնալով Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներուն՝ նախարարը ընդգծեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու է յառաջ մղելու այն քայլերը, որոնք նպատակաուղղուած են ժողովրդավարական կառոյցներու, արդիւնաւէտ կառավարման, օրէնքի գերակայութեան եւ անկախ դատական համակարգի զարգացման ու ամրապնդման, նաեւ մարդու իրաւանց պաշտպանութեան։ Ըստ Նալպանտեանի նոյն նպատակով նախաձեռնուած է նաեւ սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացին։
«Հայաստան կը կարեւորէ զանազան ձեւաչափերու մէջ ընդգրկուն համագործակցութիւնը։ Կը կարծենք, որ հնարաւոր է լաւագոյնս օգտագործել զանազան համարկման շրջանակները՝ ցուցաբերելով առաւել հեռատես մօտեցում։ Եւրոասիոյ տնտեսութեան միութեան միանալէ ի վեր եւ տակաւին աւելի ալ առաջ մենք կը պաշտպանէինք այն տրամաբանութիւնը, որ կը հիմնուի զանազան համարկման ձեւաչափերու ընձեռած հնարաւորութիւնները լաւագոյնս օգտագործելու վրայ՝ զերծ մնալով նոր բաժանարար գիծերու ստեղծումէն։ Մենք կը փափաքինք առաւելագոյնս օգտուիլ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան մեր անդամակցութենէն եւ, միեւնոյն ժամանակ, զարգացնել փոխադարձ շահաւէտ հնարաւոր լայն համագործակցութիւնը ԵՄ-ի հետ», ըսաւ Նալպանտեան ժողովի ընթացքին։
ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեան Թիֆլիզի մէջ Կէորկի Քվիրիքաշվիլիին հետ անդրադարձաւ տարածքաշրջանի հրատապ խնդիրներուն։ Ան այս ամբողջին մէջ իր վրացի պաշտօնակցին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ Երեւանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը։ Նախարարները քննարկեցին երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ապահովուած պայմանաւորուածութիւններուն կատարման ընթացքը, կարեւորեցին բարձր մակարդակով փոխադարձ այցելութիւնները, Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդատուութիւններու իրականացումը եւ միջազգային կառոյցներու մօտ համագործակցութեան սերտացումը։