ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԾԱՒԱԼԷ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՀԱՏՈՒԱԾԻՆ ՀԵՏ

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան եւ «Վի­վա­սել» ըն­կե­րու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ռալֆ Եի­րի­կեան նա­խըն­թաց օր «Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Այս առ­թիւ Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան շատ բարձր գնա­հա­տեց մաս­նա­ւոր հա­տուա­ծին եւ իր նա­խա­րա­րու­թեան մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ «Մշա­կոյ­թը չի կրնար ըլ­լալ միայն պե­տու­թեան մե­նաշ­նոր­հը։ Որ­քան մաս­նա­ւոր հա­տուա­ծը ներգ­րա­ւուած ըլ­լայ, զար­գաց­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րը այն­քան ա­ւե­լի ո­րա­կա­կան նոր բո­վան­դա­կու­թիւն կ՚ու­նե­նան։ Այս ի­մաս­տով ես կ՚ակն­կա­լեմ, որ մեր ո­լոր­տը կ՚ու­նե­նայ շատ ա­ւե­լի բա­րե­կամ­ներ, բայց դժբախ­տա­բար այ­սօր չեմ կրնար ը­սել, որ մար­դիկ կամ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը կը փա­փա­քին ներդ­րում­ներ ը­նել մշա­կոյ­թի ո­լոր­տին մէջ», ը­սաւ Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ գո­յու­թիւն ու­նին զար­գա­ցում­ներ մաս­նա­ւո­րա­պէս պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման ո­լոր­տին մէջ, կան հո­վա­նա­ւոր­ներ, ինչ­պէս նաեւ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ ձեռ­նարկ­նե­րու, ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ ա­ռա­ջարկ­ներ։

Նա­խա­րա­րին խօս­քե­րով մաս­նա­ւոր հա­տուա­ծի ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւ­նը ո­րա­կա­կան լուրջ փո­փո­խու­թիւն կ՚ա­պա­հո­վէ մշա­կու­թա­յին դաշ­տէն ներս։ «Կը մնայ յու­սալ, որ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին մար­դիկ պի­տի հասկ­նան այս բա­նին օ­գու­տը, ա­ռա­ւե­լու­թիւ­նը եւ ա­ւե­լի աշ­խոյժ պի­տի ներգ­րա­ւուին մշա­կու­թա­յին կեան­քին օ­ժան­դա­կե­լու գոր­ծըն­թաց­նե­րուն», ը­սաւ Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան դի­տել տուաւ, թէ պե­տու­թեան կող­մէ տրա­մադ­րուած մի­ջոց­նե­րը միշտ բա­ւա­րար չեն ըլ­լար։ Որ­պէս օ­րի­նակ մէջ­բե­րեց ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տի եւ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման ո­լոր­տը, ուր կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին բազ­մա­թիւ ծրագ­րեր՝ շնոր­հիւ հո­վա­նա­ւոր­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեան։ Ըստ Յաս­միկ Պօ­ղո­սեա­նի, ա­մէն տա­րի իր նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հան­դէս կու գայ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց մէկ մա­սը կեան­քի կո­չել կա­րե­լի պի­տի չըլ­լար ա­ռանց մշա­կոյ­թի նուի­րեալ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ ա­ռա­ջին հեր­թին «Վի­վա­սել»ի։ Հե­տե­ւա­բար, Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը բարձր կը գնա­հա­տէ «Վի­վա­սել»ի շա­րու­նակա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ազ­գա­յի մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ։ Խօ­սե­լով կող­մե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին՝ Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան ը­սաւ. «Մեր բա­րե­կա­մու­թիւ­նը ար­դէն տասն տա­րուան պատ­մու­թիւն ու­նի։ Մեծ է այս ըն­կե­րու­թեան ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւ­նը յատ­կա­պէս ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տի եւ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման ո­լորտ­նե­րուն մէջ։ Սա­կայն չկայ ո­րե­ւէ բնա­գա­ւառ, ուր այս ըն­կե­րու­թիւ­նը չու­նե­նայ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Հարկ է նշել, որ «Վի­վա­սել»ի մաս­նակ­ցու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցուող իւ­րա­քան­չիւր ծրա­գիր կ՚ար­ձա­նագ­րէ ո­րա­կա­կան բարձր ար­դիւնք­ներ»։­

Իր կար­գին, Ռալֆ Եի­րի­կեանն ալ ը­սաւ, թէ տա­րես­կիզ­բէն ի վեր «Վի­վա­սել» 2 մի­լիառ 512 մի­լիոն դրա­մի ներդ­րում կա­տա­րած է ըն­կե­րա­յին ներդ­րում­նե­րու ծրագ­րին շրջագ­ծով եւ այդ մի­ջոց­նե­րուն ա­ւե­լի քան 35 տո­կո­սը ներդ­րուած է մշա­կու­թա­յին նա­խագ­ծե­րուն մէջ։ «Վի­վա­սել»ի յի­շեալ ծրագ­րի հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րէն մին մշտա­պէս ե­ղած է մշա­կու­թա­յին բնա­գա­ւա­ռը։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ՝ այս ըն­կե­րու­թիւ­նը տասն տա­րի­նե­րու իր գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին 23.6 մի­լիառ դրամ յատ­կա­ցու­ցած է ըն­կե­րա­յին ներդ­րում­նե­րու ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս եւ այդ գու­մա­րին շուրջ 35 տո­կո­սը ուղ­ղուած է մշա­կու­թա­յին ծրագ­րե­րուն։ «Վի­վա­սել»ի կող­մէ մշա­կոյ­թի բնա­գա­ւա­ռին բե­րուած ա­ջակ­ցու­թիւ­նը նպա­տակ ու­նի նպաս­տե­լու աշ­խար­հի հետ երկ­խօ­սու­թեան հաս­տատ­ման եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու տա­րած­ման։ Ռալֆ Եի­րի­կեան դի­տել տուաւ, թէ մշա­կոյ­թը նաեւ ինք­նա­հաս­տատ­ման ձեւ մըն է, հա­յոց ե­զա­կիու­թիւ­նը, ազ­գա­յին ինք­նու­թիւնն ու տես­լա­կա­նը ներ­կա­յաց­նե­լու մի­ջոց։ Ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լով մշա­կու­թա­յին նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն՝ «Վի­վա­սել» հե­տա­մուտ է ու­նե­նա­լու իր ա­ւան­դը ազ­գա­յին մշա­կու­թա­յին ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յաց­ման եւ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի գե­ղա­գի­տա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան մէջ։ «Իւ­րա­քան­չիւր մշա­կու­թա­յին նա­խա­ձեռ­նու­թիւն նոր ո­րակ ու գոյն կու տայ հայ հա­սա­րա­կու­թեան», ը­սաւ ան։

Ռալֆ Եի­րի­կեան մատ­նան­շեց, որ «Վի­վա­սել»ի ա­ջակ­ցու­թեան շնոր­հիւ ի­րա­կա­նա­ցուած ծրագ­րե­րը կ՚ընդգր­կեն զա­նա­զան մշա­կու­թա­յին բնա­գա­ւառ­ներ ու ո­ճեր, ինչ­պէս նաեւ կ՚անդ­րա­դառ­նան հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան լու­սա­բան­ման։ Օ­րի­նակ­ներ մէջ­բե­րե­լով ան կանգ ա­ռաւ շարք մը շար­ժան­կա­րի ու ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօ­նե­րուն եւ պա­րա­խում­բե­րուն ցու­ցա­բե­րուած ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ «Վի­վա­սել»ի ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին կը գտնուին նաեւ ազ­գա­յին մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու տա­րած­ման ու ծա­նօ­թաց­ման ուղ­ղեալ լրագ­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015