ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ

Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նին վրայ Ռու­սաս­տա­նի SU-24 ռազ­մաօ­դա­նա­ւի խոց­ման հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծուած լա­րուա­ծու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ բուռն բա­նա­վէ­ճը կը շա­րու­նա­կուի Ան­գա­րա­յի եւ Մոս­կուա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ։ Քրեմ­լի­նի կող­մէ ե­րէկ կա­տա­րուած ա­ռա­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ նշուե­ցաւ, թէ թրքա­կան կող­մին դէմ տնտե­սա­կան պատ­ժա­մի­ջոց­ներ չեն նա­խա­տե­սուիր ու կ՚ակն­կա­լուի նե­րո­ղու­թիւն մը։ Թէեւ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Մոս­­կուա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան յա­ռա­ջա­տար այլ դէմ­քե­րը խօ­սե­ցան բռնա­մի­ջոց­նե­րու վար­կա­ծին շուրջ, սա­կայն Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին մտադ­րու­թիւ­նը կը վե­րա­բե­րէր նե­րո­ղու­թեան եւ վնա­սի կամ կո­րուս­տի հա­տուց­ման ա­ռա­ջար­կի մը։ Փու­թի­նի բան­բե­րին՝ Տի­միթ­րի Փես­քո­վի այս խօս­քե­րուն զու­գա­հեռ Ան­գա­րա­յէն տե­ղե­կա­ցուե­ցաւ, որ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան դէպ­քէն վերջ փոր­ձած էր հե­ռա­ձայ­նով կապ հաս­տա­տել Փու­թի­նի հետ, սա­կայն չէր յա­ջո­ղած։ Ա­ւե­լի ուշ Մոս­կուա պաշ­տօ­նա­պէս հեր­քեց այդ տուեա­լը՝ Ար­տա­քին գոր­ծոց նախարար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի մա­կար­դա­կով։

Էր­տո­ղան ե­րէկ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հան­դէս ե­կաւ վճռա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Թէ՛ մի­ջազ­գա­յին յա­ռա­ջա­տար հե­ռուս­տա­կա­յան­նե­րուն տուած հար­ցազ­րոյց­նե­րուն եւ թէ ու­նե­ցած ե­լոյթ­նե­րուն մէջ նա­խա­գա­հը զգա­լի դար­ձուց, թէ այս հար­ցի պա­րա­գա­յին կը մնայ անդր­դուե­լի։ Ան շեշ­տեց, որ Թուր­քիա նե­րո­ղու­թիւն պի­տի չխնդրէ Ռու­սաս­տա­նէն եւ հե­տա­մուտ չէ լարուա­ծու­թիւն ստեղ­ծե­լու։ «Թող մեր նե­րո­ղամ­տու­թիւ­նը խնդրեն ա­նոնք, ո­րոնք խախ­տե­ցին մեր օ­դա­յին մար­զը», ը­սաւ Էր­տո­ղան։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը բուռն ձե­ւով հա­կազ­դեց այն պնդում­նե­րուն դէմ, թէ Թուր­քիա նաւ­թի գոր­ծարք կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման հետ։ Ան ը­սաւ, թէ պնդու­մի հե­ղի­նակ­նե­րը պէտք է ներ­կա­յաց­նեն ա­պա­ցոյց­ներ, այ­լա­պէս ոե­ւէ մէ­կը չի կրնար զրպար­տու­թիւն­նե­րով հան­դէս գալ Թուր­քիոյ հաս­ցէին։ Նա­խա­գա­հը ա­ւել­ցուց նաեւ, թէ ե­թէ օ­դա­յին մար­զի նոր խախ­տում­ներ կա­տա­րուին, ա­պա թրքա­կան կող­մը պի­տի փո­խա­դար­ձէ նոյն ձե­ւով։

Էր­տո­ղան հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցոյց տուաւ նաեւ Մոս­կուա­յէն հնչած այն մօ­տե­ցու­մին, թէ Թուր­քիա ծայ­րա­յեղ իս­լա­մու­թեան կ՚ա­ռաջ­նոր­դուի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ։ Այս պնդու­մը ջրե­լու հա­մար ան շեշ­տեց, որ երկ­րին 99 տո­կո­սը ար­դէն մահ­մե­տա­կան է։ «Կրնա՞նք ը­սել, թէ ռու­սական ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը դէ­պի քրիս­տո­նէու­թիւն կը տա­նի այդ եր­կի­րը։ Մի­թէ կա­րե­լի՞ է», նշեց ան։

Թէեւ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թիւ­նը ե­րէկ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը ը­րաւ կող­մե­րու մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ զի­նուո­րա­կան շփման մի­ջոց­նե­րը բաց պա­հե­լու ուղ­ղու­թեամբ, սա­կայն օ­րուան տե­ւողու­թեան ռազ­մա­կան մա­կար­դա­կի վրայ խզուե­ցան կող­մե­րու բո­լոր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Մինչ այդ, Անգա­րա­յի մօտ Ռու­սաս­տա­նի դես­պան Անտ­րէյ Քար­լով հրա­ւի­րուե­ցաւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն, ո­րու նկա­տառ­ման յանձ­նուե­ցաւ, թէ ա­նըն­դու­նե­լի կը հա­մա­րուի ստեղ­ծուած ի­րադ­րու­թիւ­նը։

Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան մի­ջազ­գա­յին մե­տիա­յին կա­տա­րած հար­ցազ­րոյց­նե­րուն մէջ Վլա­տի­միր Փու­թինն ալ ար­դէն ա­ւե­լի խստա­ցուց իր ո­ճը։ Առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան պայ­ման­նե­րուն  ներ­քեւ Թուր­քիոյ կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած փաս­տե­րը ան ո­րա­կեց ան­հե­թե­թու­թիւն եւ պատ­րուակ։ Ռուս ղե­կա­վա­րը հա­մո­զուած է, որ Թուր­քիա գի­տակ­ցա­բար դէ­պի փա­կու­ղի կը տա­նի Ռու­սաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ «Մենք բա­ցար­ձա­կա­պէս ան­բա­ցատ­րե­լի կը հա­մա­րենք թի­կուն­քէն դա­ւա­ճա­նա­կան հա­րուած­նե­րը ա­նոնց կող­մէ, որոնց մէջ գոր­ծըն­կեր­ներ ու դաշ­նա­կից­ներ կը տես­նենք հա­կաա­հա­բեկ­չա­կան պայ­քա­րին գծով», ը­սաւ Փու­թին ու կրկին պնդեց, թէ ռու­սա­կան ռազ­մաօ­դա­նա­ւը ռմբա­կո­ծուած է Սու­րիոյ օ­դա­յին մար­զին մէջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015