ՕԼԱՆՏ-ՓՈՒԹԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԷՆ ՎԵՐՋ ՇՐՋԱԳԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄՏԱՆ ՍՈՒՐԻԱՅԷ ՆԵՐՍ ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԽՕՍՔԵՐ
Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ վերջին օրերու խտացեալ շփումներու մթնոլորտին մէջ երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր Քրեմլինի պալատէն ներս հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Երկու ղեկավարներուն տեսակցութիւնը բառին բուն իմաստով բնորոշեց միջազգային օրակարգը, որ ողողուած է հակաահաբեկչական պայքարին վերաբերեալ վարկածներով։ Ամենայատկանշական նորութիւնը այն է, որ Օլանտ-Փութին հանդիպումէն վերջ միջազգային աղբիւրներուն մօտ շրջագայութեան մէջ մտած են Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութիւններ իրականացնելու մասին խօսքեր։ Փութին եւ Օլանտ երէկ երեկոյեան Մոսկուայի մէջ քննարկեցին ահաբեկչական սպառնալիքին հակազդելու հարցերը։ Ռուս ղեկավարը Օլանտի նկատառման յանձնեց, թէ կը սգան Ֆրանսայի կրած ծանր կորուստները։ Օլանտն ալ ընդգծեց, որ Ֆրանսա պատրաստ է ձեռք ձեռքի աշխատելու Ռուսաստանի հետ։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Փութին շեշտեց նաեւ, որ Ռուսաստան յարգանքով կը վերաբերի «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ ձեւաւորուած, Միացեալ Նահանգներու կողմէ գլխաւորուած համախոհութեան նկատմամբ, բայց աւելի կարեւոր կը համարէ միասնականութիւնը, ընդհանուր համախոհութեան մը ձեւաւորումը։
Իր կարգին, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուսն ալ, որ Մոսկուայի մէջ ընկերացաւ Օլանտին, յայտնեց թէ Սուրիոյ մէջ անհրաժեշտ է իրականացնել ցամաքային գործողութիւններ։
Միւս կողմէ, ռուսական պաշտօնական մարմինները յայտենցին՝ թէ SU-24-ի խոցուելէն վերջ օդաչուի փրկութեան վայրին վրայ գտնուող բոլոր ահաբեկիչները ոչնչացուած են։ Ծանօթ է, որ օդաչուի օգնութեան մեկնող ռուսական ուղղաթիռ մը վար առնուած էր շրջանի թիւրքմէնական զօրքերուն կողմէ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ ԱՄՆ-ի կրնայ յայտնի ըլլալ ռուս օդաչուի դիակին շուրջ «պարողները»։