ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔԸ ՎԵՐՋԱՑԱԾ

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Լոնտոն՝ Անգլիոյ Վարչապետ Թերեզա Մէյի հրաւէրին ընդառաջ։ Ըստ Անգարայէ հասած լուրերուն, բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կու գան երկկողմանի յարաբերութիւնները՝ բոլոր երեսակներով։ Կողմերը խորհրդակցութիւններ ունեցան նաեւ տարածքաշրջանային խնդիրներու շուրջ՝ մասնաւորապէս կանգ առնելով Սուրիոյ իրադրութեան վրայ։ Երէկ երեկոյեան, Պինալի Եըլտըրըմի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացման արարողութիւնը՝ Լոնտոնի մէջ հիմնուած թրքական դրամագլուխով առաջին ներդրումային դրամատան։

Պինալի Եըլտըրըմ Լոնտոն մեկնելէ առաջ օդակայանին մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն բացատրութիւններ տուաւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համապատասխան դիրքորոշման մասին։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ շաբաթավերջին տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Պինալի Եըլտըրըմ մեկնաբանեց Սուրիոյ զարգացումները։ Վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ Թրամփի կողմէ տրուած երաշխիքին, ըստ որու ԱՄՆ այլեւս զէնք ու զինամթերք պիտի չմատակարարէ ԵՓԿ-ին։ «Մենք սկիզբէն ի վեր արդէն միշտ կ՚ըսէինք, որ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ պայքարելու համար ճիշդ նախընտրութիւն մը չէ միանալ ՓՔՔ-ի շառաւիղներուն՝ ՓԵՏ-ի եւ ԵՓԿ-ի հետ», ըսաւ Պինալի Եըլտըրըմ եւ աւելցուց, թէ քանի որ Թրամփի կողմէ տրուած խոստում մը խնդրոյ առարկայ է, ապա արժեւորման անհրաժեշտ նիւթ մը չկայ։ «Մեր բարեկամ ու դաշնակից Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները մեզի ամէն անգամ ըսաւ, որ սա նախընտրութիւն մը չէ, այլ՝ ստիպողութիւն մը։ Քանի որ ԻՇԻՊ մաքրագործուած է, ուրեմն այլեւս նման պարտադրանք մըն ալ չէ մնացած։ Մեր ակնկալութիւնը այն է, որ ժամ առաջ վերջ տան այդ գործընկերութեան ու վերադառնան իրենց բուն գործընկերներուն, դաշնակիցներուն», աւելցուց վարչապետը։

Լոնտոնի շփումներուն ընթացքին վարչապետին կ՚ընկերանան Եւրոմիութեան գծով նախարար Էօմէր Չելիք, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սօյլու եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2017