ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՊԵՐԼԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պերլին՝ ընդառաջելով Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէրի հրաւէրին։ Պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Արմէն Սարգսեանին կ՚ընկերանայ նաեւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պերլինի մէջ նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպումներ կ՚ունենայ Գերմանիոյ բարձրագոյն ղեկավարութենէն դէմքերու հետ։ Այսպէս, բացի Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէրէն, ան կը մէկտեղուի Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի եւ Պունտեստաքի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպէլի հետ։ Հանդիպումներու ընթացքին քննարկումներու առանցքին կ՚ըլլան երկու երկիրներու համագործակցութեան օրակարգին եւ հեռանկարներուն վերաբերեալ բազմաթիւ նիւթեր։

Պերլինի մէջ նախագահ Սարգսեան կը հանդիպի նաեւ Հայաստանէ ներս գործունէութիւն ծաւալող եւ Հայաստանի հետ համագործակցութեամբ հետաքըր-քըրւած գերմանացի գործարարներու հետ։ Քննարկումներ կը ծաւալուին Հայաստանի ներդրումային եւ գործարար միջավայրի, հայ-գերմանական տնտեսական համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան կը մասնակցի նաեւ Միւնիխի անվտանգութեան միջազգային համաժողովին կողմէ կազմակեր-պըւած քննարկման, ինչպէս նաեւ կ՚այցելէ Գերմանիոյ Կարմիր խաչի կազմակերպութիւնը, որ յատկապէս վերջին երեսուն տարիներուն բաւական արդիւնաւէտ գործունէութիւն կը ծաւալէ Հայաստանէ ներս։

Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, բացի Պերլինէն եւ Միւնիխէն, Արմէն Սարգսեան կ՚այցելէ նաեւ Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամասը, ուր նախատեսուած է իր հանդիպումը տեղական կառավարութեան ղեկավար Ռայնէր Հազելոֆի հետ։

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի ուղեւորութեան օրակարգը կը նե-րառէ նաեւ այցելութիւններ գեր-մանական շարք մը գիտակրթական եւ գիտաթեքնիկ հաստատութիւններ։ Արմէն Սարգսեան դասախօսութիւններով հանդէս կու գայ «Պերթելսման» հիմնադրամէն ներս եւ Օթթօ ֆոն Կուէրիքէի համալսարանէն ներս։

Արմէն Սարգսեան հանրայայտ Konzerthaus Berlin-ի մէջ ներկայ կը գտնուի հայ մեծանուն ար-ւեստագէտ Արամ Խաչատուրեանի 115-ամեակին ձօնուած՝ Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի համերգին՝ անուանի ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեանի մասնակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2018