ՋԵՐՄ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը շարունակէ իր ուղեւորութիւնը դէպի Լոս Անճելըս։ Ինչպէս ծանօթ է, այս այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը ջերմ վերաբերմունքի կ՚արժանանայ շրջանի նախկին պոլսահայերու կողմէ։ Ան անցեալ կիրակի պատարագած էր Արեւմտեան թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակից Ալեքս Սրկ. Գալայճեանի թղթակցութիւնը՝ անցեալ կիրակի օրուան Ս. Պատարագին կապակցութեամբ։ Թղթակցութեան վերնագիրն է՝ «Փառահեղ Ս. Պատարագ եւ բովանդակալից քարոզ»։

*

Կիրակի, 25 նոյեմբեր, 2018-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ Պատարագ մատուցեց Պոլսոյ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ էին Թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, նախկին առաջնորդ՝ Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Մայր Աթոռի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, քահանայ հայրեր եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը։

Նախքան քարոզը, թեմակալ առաջնորդը Արամ Սրբազանը հաւատացեալներուն ներկայացուց եւ դրուատիքով խօսեցաւ անոր յախուռն կեցուածքին եւ հսկայածաւալ գործունէութեան մասին։ Սրբազանը նաեւ նշեց, որ Արամ Սրբազանը ո՛չ մէկ ճիգ կը խնայէ մեր պատմական կալուածները վերատիրանալու, մեր Եկեղեցիները աղօթքներէ անպակաս պահելու եւ հայ դպրոցներու դռները բաց պահելու։ Ապա Յովնան Սրբազան պատ-րիարքական ընդհանուր փոխանորդին մաղթեց քաջառողջութիւն եւ կանաչ ճանապարհ իր քրիստոսանուէր առաքելութեան մէջ։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի քարոզը իւրայատուկ էր իր ընտրուած նիւթով եւ բովանդակութեամբ։ Սրբազանը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենակալն Աստուծոյ, որ զինք արժանի դարձուցած էր Ս. Պատարագը մատուցելու եւ օրուայ պատգամը փոխանցելու։ Սրբազանը նոյնպէս շնորհակալիքի խօսքեր փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հօր եւ յաջողութիւն մաղթեց եկեղեցւոյ մէջ բոլոր ծառայողներուն՝ առաջնորդէն սկսեալ մինչեւ խոնարհագոյն պաշտօն ունեցողը։ Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը իր քարոզին բնաբան ընտրած էր աւետարանական հետեւեալ համարը. «Ձեր մեղքերը իրարու խոստովանեցէք եւ իրարու համար աղօթեցէք, որպէսզի բժշկուիք» (Յկ 5.16)։ Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր գոյակ կ՚աղօթէ՝ ըլլայ անիկա քրիստոնեայ, իսլամ, այլակրօն կամ հեթանոս։ Աղօթքը մարդս կ՚ազնուացնէ, կը խաղաղեցնէ, հոգիի մխիթարութիւն եւ սրտի գոհունակութիւն կու տայ։ Միակ միջոցն է աղօթքը, որուն միջոցաւ մարդս Աստուծոյ կը կապուի եւ երկխօսութեան մէջ կը մտնէ։ Ան ընդգծեց, որ մարդ երբ կ՚աղօթէ, անմիջապէս կ՚ուզէ տեսանելի փրկութիւն ունենալ, սակայն Քրիստոս սորվեցուց մեզի, որ պէտք է համբերել եւ միշտ ու անձանձրոյթ աղօթել։

«Մարդիկ ընդհանրապէս Աստուծոյ կը դիմեն իրենց տառապանքի շրջանին, երբ ցաւերու, ձախողութեան, հիւանդութեան եւ վիշտի մէջ են։ Բայց երբ առողջ են, նիւթականի կարիքը չունին, գործի մէջ յաջողութիւն գտած են ու ցաւ չունին, այն ատեն զԱստուած կը մոռնան։ Ոմանք դժգոհութիւն կը յայտնեն, թէ Աստուած իրենց աղօթքը չի լսեր, իրենց աղօթքին չի պատասխաներ։ Արդեօք Աստուած մեր աղօթքները չի լսե՞ր եւ կամ մեր աղօթքները անպատասխան կը ձգէ՞։ Այո՛, երբեմն մեր աղօթքներուն պատասխանը չենք լսեր, որովհետեւ աղօթել չենք գիտեր։ Կը կարծենք, թէ կ՚աղօթենք, բայց աղօթքի տարողութենէն շա՜տ հեռու ենք։ Յաճախ մեր աղօթքներուն մէջ Աստուծոյ հետ սակարկութիւն կ՚ընենք եւ «եթէ»ներու շարան մը կը ներկայացնենք մեր երկնաւոր Հօր։ Զգո՛յշ ըլլանք մեր արտայայտութեանց մէջ։ Մեզի կարողութիւն տուողը եւ ամէն ինչի տուիչը Աստուած Ի՛նքն է», մատնանշեց Սրբազան Հայրը։

Ան նաեւ խօսեցաւ ներողամտութեան եւ մեր նմանները չդատելու մասին, ըսելով՝ որ մեզմէ իւրաքանչիւրը դատուելու ժամանակ սքանչելի դատաւոր մըն է, իսկ դատելու ժամանակ՝ սքանչելի իրաւաբան։ «Մենք մեզ շատ լաւ պաշտպանել գիտենք, իսկ դիմացինը ճարտարութեամբ ոտնակոխ կ՚ընենք եւ կը մեղադրենք։ Այն մարդը, որ իր եղբայրը չի՛ սիրեր, այլ շարունակ կ՚ատէ, կը ցեխարձակէ, կը մեղադրէ, կ՚անիրաւէ եւ կը բամբասէ, Աստուած ալ իր աղօթքը չ՚ընդունիր», ըսաւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը։ Ան նաեւ անդրադարձաւ իր անուան շուրջ կատարուող յերիւրանքներուն եւ բամբասանքերուն եւ ապա ըսաւ. «Ինչ որ կ՚ընեմ Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ եւ համայնքիս համար է, որ կը կատարեմ»։

Նշենք, որ վերջին տարիներուն մարդիկ Արամ Սրբազանին մասին տարբեր դաւեր հիւսեցին, իր հասցէին ցեխարձակումներ կատարեցին եւ նոյնիսկ տմարդի ու անվայել արտայայտութիւններ ունեցան։ Այսօր, եթէ սրբազանը լաւ յարաբերութիւններու մէջ է, այդ ո՛չ թէ իր շահուն, այլ դարաւոր պատմութիւն ունեցող Պատրիարքութեան, Եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքին օգտին է։ Այստեղ կ՚արժէ սրբազան հօր իրագործած աշխատանքներէն թուարկել.

- Թուրքիոյ պետութիւնը Աղթամարի եկեղեցին վերանորոգած էր եւ զայն իբրեւ թանգարան հռչակած։ Սակայն Արամ Սրբազանի ջանքերու շնորհիւ, տարին մէկ անգամ Սուրբ եւ անմահ Պատարագ կը մատուցուի։ Յիշենք, որ տարիներ առաջ սրբազան հօր խնդրանքով եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ խաչ զետեղուեցաւ։

- Տիգրանակերտի եկեղեցին 30 տարի փլատակ վիճակի մէջ էր։ Արամ Սրբազանի ջանքերով վերանորոգուեցաւ, սակայն պատերազմի բերմամբ այսօր վնասուած վիճակի մէջ է։

- Հայաստանէն աւելի քան 30 հազար տեղափոխուած հայերու երեխաները այսօր կը յաճախեն Պոլսոյ վարժարաններ։ Դպրոցներէն ներս անոնց ընդունելութեան ընթացքը շատ հեշտութեամբ չպսակուեցաւ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին շնորհիւ, այսօր մեր երեխաները հայ լեզու կը բարբառին եւ հայ մշակոյթին հակուած կը մնան։

- «Սանասարեան» վարժարանը նոյնպէս երկար պայքարներէ եւ դատավարութենէ ետք, տարիներէ ետք իրաւականօրէն վերադարձուեցաւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան։

Իրականութիւններ, որոնք բացայայտ իրողութիւն եւ խօսուն ճշմարտութիւն են։ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Ձեր մէջէն անմեղը ի՛նք առաջին քարը նետէ…» (Յհ 8.7)։

Պատարագի աւարտին, հաւատացեալներ մօտեցան սրբազան հօր եւ անոր աջը համբուրեցին։ Ապա, ի պատիւ սրբազան հօր հիւրասիրութիւն մատուցուեցաւ։

Թող որ Ամենակալն Ինք Ահարոնի գաւազանի նման ծաղկեալ պահէ սրբազան հօր գաւազանը եւ ուժ ու կորով, համբերութիւն պարգեւէ իրեն՝ շարունակելու համար իր քրիստոսաուղի ծառայութիւնը եւ ազգանուէր առաքելութիւնը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2018