ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿՐԿՆԵՑ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՀԵՏ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Երեւան պատրաստ է առանց նախապայմաններու բնականոնացնել յարաբերութիւնները Անգարայի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն դէպի Իտալիա կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջանակին մէջ ծաւալուն հարցազրոյց մը տուած էր «Corriera Della Sera» թերթին։ Վարչապետը այս առթիւ անդրադարձաւ բազմաբնոյթ նիւթերու, որոնց շարքին էին հայ-թրքական յարաբերութիւնները։ Հարցազրոյցին մէջ Նիկոլ Փաշինեան թէեւ կրկնեց վերջին շրջանին յաճախ շեշտածը, թէ Թուրքիա սպառնալիք կը համարուի Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան համար, սակայն միեւնոյն ժամանակ արտայայտեց դրական մօտեցումներ։ Փաշինեանի այդ խօսքերը արձագանգ գտած են նաեւ թրքական որոշ լրասփիւռներու մօտ։ Այսպէս, Հայաստանի վարչապետը «Corriera Della Sera»ին յայտարարած է հետեւալը.

«Աւելի առաջ մեր կողմէ ըսուած էր եւ ես կ՚ուզեմ հերթական անգամ կրկնել. պատրաստ ենք Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել առանց որեւէ նախապայմանի։ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային գետնի վրայ ճանաչումը մենք նախապայման մը չենք համարեր Անգարայի հետ մեր յարաբերութիւններուն համար։ Այդ ճանաչումը շատ կարեւոր է ո՛չ թէ Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններուն, այլեւ՝ համաշխարհային հարթութեան վրայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար»։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2019