ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐՈՒԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Ուսուցչաց օրուան առթիւ նախընթաց օր Կեդրոնական վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած էր Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւիի գրասենեակին կողմէ։ Ձեռնարկին մասնակցեցան Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան ԷրթԷմ, Մորիս Լեւի եւ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներէն ներկայացուցիչներ։ Հրաւիրեալներու շարքին էին նաեւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Հրէից խախամապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւա։

Ձեռնարկը Մորիս Լեւիի անմիջական օգնական Մութեպէր Եըլմազճանի կողմէ պատրաստուած ցուցահանդէս մըն էր։ Կեդրոնականի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան ողջունեց վարժարանի երդիքին տակ համախմբուած հիւրերը։ Դպրոցի սաներն ալ գործադրեցին երաժշտական յայտագիր մը։ Ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած էին փոքրամասնական համայնքներէ կրթական մշակներու դիմանկարներ։ Ատնան Էրթէմն ալ ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին գնահատեց տարուած աշխատանքը։

Ցուցահանդէսի այցելուները վարժարանէ հրաժեշտ առնելէ վերջ շրջայց մըն ալ կատարեցին Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2019