ՔԱՂԿԵԴՈՆԵԱՆ ԳԱԳԱԹ
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան ժողովրդական հանդիպման մը մասնակցեցաւ Գատըգիւղի մէջ։ Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ նորին սրբազնութիւնը՝ որպէս թեկնածու խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց քաղաքիս Ասիական ափի բնակիչ իր համակիրներուն հետ։ Ներկաներու շարքին էին տիրամայր Մարի Մութաֆեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորած Մանիշակագոյն շարժման կողմէ զանազան շրջաններու համար առաջադրուած պատգամաւորի թեկնածուները եւ խանդավառ բազմութիւն մը։ Այս հաւաքոյթը պատկերաւոր իմաստով «Քաղկեդոնեան գագաթի» մը վերածուեցաւ՝ իր արձանագրած յաջողութեամբ։
Երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Մանիշակագոյն շարժման Գատըգիւղի պատգամաւորի թեկնածուներէն Այգ Շահսուվարօղլու, որ փորձեց երիտասարդ սերունդի տեսանկիւնէն ներկայացնել պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ ակնկալութիւնները։ Աւելի վերջ լրագրող-հրապարակագիր Արա Գօչունեան ընդհանուր մեկնաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ներկայ փուլին շուրջ։ Այս երկու խօսքերէն վերջ բեմ հրաւիրուեցան Մանիշակագոյն շարժման կողմէ ներկայացուած Գատըգիւղի պատգամաւորի թեկնածուները։ Ներկաները ծափահարութիւններով արտայայտեցին իրենց համակրանքն ու զօրակցութիւնը անոնց նկատմամբ։ Սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց նոյնպէս պատգամաւորի թեկնածուներէն Աւետիս Հիլքաթ։
Այս բոլորէն վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անմիջական ոճով մը ողջունեց ներկաները եւ ներածականէ մը վերջ մի առ մի պատասխանեց իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն։ Սա արդէն յայտագրի ամենաերկար բաժինն էր, որ անցաւ կարծիքի վառ փոխանակումներու մթնոլորտի մը մէջ։ Երեկոյթը եզրափակուեցաւ նորին սրբազնութեան արձակման աղօթքով։
Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ պատուասիրութիւն մը, որու ընթացքին եւս ներկաները ջերմօրէն շրջապատեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը եւ շարունակեցին զրոյցը անոր հետ։
Միւս կողմէ, երէկուան երեկոյթի բոլոր մասնակիցները Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ձեռամբ նուէր ստացան՝ կրծքանշաններու ձեւով պատրաստուած աղաւնիներ։