Չորեքշաբթի 4, Դեկտեմբեր 2024
ԵԱՏՄ-Ի ՀԱՒԱՔԻ ՍԵՄԻՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի յառաջիկայ դեկտեմբերի 25-ին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցիլ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովին, որ կը կազմակերպուի Ռուսաստանի հիւրընկալմամբ։ Քրեմլինի խորհրդականներէն Եուրի Ուշաքով նշեց, որ Եւրոասիոյ տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստը հայկական կողմի խնդրանքով կը կազմակերպուի ռուսական կողմէն։ Գագաթաժողովը պիտի վարէ Նիկոլ Փաշինեան՝ քանի այս տարի Հայաստանն է ԵԱՏՄ-ի շրջանային նախագահ երկիրը։
Միւս կողմէ, երէկ հաղորդուեցաւ, որ Նիկոլ Փաշինեան պիտի չմասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովին։ Այս կապակցութեամբ Մոսկուայէն հաղորդուեցաւ, որ ՀԱՊԿ-ի դռները միշտ բաց են Երեւանի համար։
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2024