ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Լեհաստանի նախագահ Անտրէյ Տուտա աւարտեց դէպի Հայաստան պաշտօնական այցելութիւնը, որ երկկողմանի յարաբերութիւններուն տեսակէտէ լուրջ խթանի մը կրնայ վերածուիլ։ Երեւանի եւ Վարշաւիոյ ղեկավարութիւնները այս փուլին առանցքային կը համարեն համագործակցութեան աշխուժացումը՝ հիմնական ուղղութիւններու յստակեցումով։ Հայաստան-Լեհաստան յարաբերութիւններու ապագան կը կառուցուի՝ հաշուի առնելով նաեւ Եւրոմիութեան վերաբերեալ ծալքերը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Անտրէյ Տուտա ըսաւ. «Կը վստահեցնեմ, թէ հայ-լեհական համագործակցութիւնը հետզհետէ պիտի սերտանայ՝ Հայաստանը ա՛լ աւելի մօտեցնելով Եւրոմիութեան»։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան պաշտօնակցին ներկայացուց՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հասնելու ուղղեալ Երեւանի գործադրած ջանքերը։ Նոյնպէս, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախագահ Անտրէյ Տուտայի հանդիպման ընթացքին ալ առանցքային համարուեցաւ համագործակցութեան աշխուժացումը։ Տուտա շեշտեց, որ Հայաստանի հետ տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւն կը տեսնէ։ Բաց աստի, ան յայտնեց, որ կը փափաքի քննարկումներու սկսիլ, որպէսզի Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան ձեւաչափը վերականգնուի։