ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիի հետ։ Չանքայայի ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որ սկսաւ յապաղումով ու տեւեց 40 վայրկեան։ Երկու ղեկավարները քննարկեցին Սահմանադրութեան բարեփոխումներուն վերաբերեալ հարցեր։ Սա անոնց երրորդ տեսակցութիւնն էր, որու կապակցութեամբ որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չկատարուեցաւ։
Ծանօթ է, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները կը նախատեսեն հաստատել երկրէն ներս նախագահական դրութիւն։ Այս կարգադրութեան մէջ նախա-տեսուած են այլ կարգ մը նիւթեր. օրինակ՝ պահեստի երեսփոխան եւ այլ խնդիրներ, որոնք պատճառ դարձած էին երեսփոխաններու քննադատութեան։ Վարչապետ Եըլտըրըմ յայտնած է, որ անիմաստ է պնդել անպատեհ նկատուած հարցերու վրայ։ Ուստի ան յայտնած էր, թէ ՄՀՓ-ի հետ խորհրդակցաբար կարելի է փոփոխութիւն իրականացնել։
Սոյն խնդիրները այսօր օրակարգի վրայ կու գան Ազգային մեծ ժողովէն ներս, Սահմանադրութեան յանձնաժողովի նիստին ընթացքին։ Երեսփոխանները պիտի քննարկեն վիճայարոյց կէտերը, ուստի Եըլտըրըմ եւ Պահչելի երէկ կարծիքի փոխանակումներ ունեցած են այդ հարցերուն շուրջ։
Երկու ղեկավարները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին շուրջ։