ԸՆԴԳՐԿԵԼ ԻՐԱՆԸ ԵՒՍ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցեցաւ Ռուսաստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած երկու գագաթաժողովներու։ Առաջինն էր՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) գագաթաժողովը, իսկ երկրորդը՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի ժողովին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային արդի խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն։ ՀԱՊԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղարի նշանակման հարցը յետաձգուեցաւ մինչեւ յաջորդ Ապրիլին նախատեսուած գագաթաժողովը։ Հարկ է նշել, որ ՀԱՊԿ-ի յաջորդ ընդհանուր քարտուղարը պէտք է ըլլայ Հայաստանէն ու երկար ժամանակէ ի վեր կարելի չ՚ըլլար յստակեցնել այդ անունը։
Նոյնպէս պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ԵՏՄ-ի Տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Այս առթիւ ան կարեւորեց Իրանի եւս ընդգրկուիլը՝ ԵՏՄ-ի հետ համագործակցութեան մէջ։ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ Երեւանի եւ Թեհրանի ջանքերով հասունցած այն ծրագրին, որ կը նախատեսէ միջանցք մը ստեղծել Պարսից ծոցի եւ Սեւ ծովու միջեւ։
Սերժ Սարգսեան Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ըսաւ. «Մենք կը պատկերացնենք, որ ԵՏՄ պէտք է յառաջ երթայ երկու առանցքային ուղղութիւններով։ Առաջինը՝ «չորս ազատութիւններու» լիարժէք ազատականացման ճանապարհին մնացած խոչընդոտներու վերացումն է եւ ԵՏՄ-էն ներս համարկման զարգացումը։ Երկրորդը՝ անդամ պետութիւններու ազգային տնտեսութիւններու եւ ընդհանուր առմամբ, ԵՏՄ-ի առաւել արդիւնաւէտ ներգրաւումը համաշխարհային առեւտրային համակարգին մէջ։ Այս երկու ուղղութիւնները զիրար կը փոխլրացնեն։ Ակնյայտ է, որ առանց ԵՏՄ-է ներս արդիւնաւէտ համագործակցութեան հաստատման, պիտի բարդանայ մեր համարկման միութեան միջազգային դիրքաւորումը»։
Այս համատեսքին մէջ Սերժ Սարգսեան մաքսային օրէնսգրքի ընդունումը համարեց ծանրակշիռ քայլ մը ԵՏՄ-ի հետագայ համարկման ճանապարհին։ Արդարեւ, սա կ՚ուրուագծէ անցումը դէպի միասնական մաքսային կարգաւորում ԵՏՄ-ի ամբողջ տարածքէն ներս։ Ան շարունակեց. «Հայկական կողմին համար արդիական է նաեւ ծառայութիւններու առեւտուրի հատուածներու ազատականացման հարցը։ Մենք հետեւողական ջանքեր կը գործադրենք պետական ծառայութիւններու ոլորտէն ներս «մէկ պատուհան»ի սկզբունքը կիրառելու ուղղութեամբ, լուրջ յառաջխաղացում ունինք այս բնագաւառէն ներս պետականի եւ մասնաւորի շինիչ համագործակցութեան ապահովման մասով։ Պատրաստ ենք պետական ծառայութիւններու ոլորտէն ներս միասնական ելեկտրոնիկ հարթակ հաստատելու»։ Սարգսեանի խօսքերով, 2017 թուականին առաւել կարեւոր կրնան դառնալ փոխադրութեան-լոժիսթիք համակարգը, ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան բնագաւառները, միքրօէլէկտրոնիք նախաձեռնութիւններու իրականացումը։ Հայաստան պատրաստ է աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալ այս ուղղութեամբ։
Իր ելոյթին տեւողութեան Սերժ Սարգսեան առանձնապէս ընդգծեց համակարգուած փոխադրութեան քաղաքականութեան իրականացման կարեւորութիւնը։ Ան ըսաւ.
«Հայաստանի առջեւ սուր ձեւով կանգնած է ԵՏՄ-ի անդամ երկիրներու հետ անխափան կապի ապահովման հարցը։ ԵՏՄ-ի երկիրներու հետ ընդհանուր սահմանի բացակայութեան պայմաններուն մէջ մեր առեւտրատնտեսական կապը կ՚իրականացուի Վրաստանի տարածքով՝ Վերին Լարսի անցակէտով։ Բայց, դժբախտաբար, շարք մը հանգամանքներով պայմանաւորուած՝ եղանակային պայմաններ, դիւանակալական գործընթացներ, տուեալ անցակէտի աշխատանքը պարբերաբար կը խախտուի, ինչ որ վնաս կը հասցնէ մեզի։ Այս առումով, կարեւոր նշանակութիւն կու տանք ԵՏՄ-ի անդամ պետութիւններուն պատկանող փոխադրութեան միջոցներու համար առանձին անցուղիի ստեղծման, ինչ որ նշանակալիօրէն պիտի թեթեւցնէ բեռնափոխադրումներու իրականացումը։ Սա մեր երկիրներու գործարար համայնքի ներկայացուցիչներուն պիտի տայ ԵՏՄ-ի գործառնութեան օգտակարութեան իսկական զգացում։ Համակարգուած փոխադրութեան քաղաքականութեան առումով կը փափաքիմ նշել, որ ինչպէս արդէն գոյութիւն ունեցող, այնպէս ալ նոր ստեղծուող փոխադրութեան միջանցքներու եւ երթուղիներու ընտրութեան ժամանակ առաջնահերթութիւնը նախ եւ առաջ պէտք է տրուի անոնց, որոնք կ՚անցնին ԵՏՄ-ի երկիրներով, իսկ անոնց ցանկը պէտք է ձեւաւորուի պետութիւններու առաջարկներուն հիման վրայ։ Երթուղիները պէտք է նպաստեն ԵՏՄ-ի երկիրներու առաւել ներգրաւուածութեան տարածքաշրջանային եւ միջազգային ենթակառուցուածքային միջանցքներու եւ համագործակցութեան ծրագրերուն»։
Ըստ Սերժ Սարգսեանի, սա անկասկած պիտի ընդլայնէ միջազգային ներգրաւուածութեան հնարաւորութիւնները ու պիտի բարձրացնէ ԵՏՄ-ի դերը միջազգային հարթակի վրայ։
Գագաթաժողովի ընթացքին Սերժ Սարգսեան առանձին անդրադարձաւ Իրանի եւ ԵՏՄ-ի համագործակցութեան հարցին։ Ան ըսաւ. «Իրանի Նախագահ Ռուհանիի՝ վերջերս Հայաստան կատարած պաշտօնական այցի ընթացքին մենք հանգամանօրէն քննարկեցինք ԵՏՄ-ի եւ Իրանի միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու խորացման հեռանկարները, ներառեալ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման հարցը։ Մասնաւորապէս, ներկայացուեցան փոխշահաւէտ համագործակցութեան այն լայն հնարաւորութիւնները, որոնք կը բացուին մեր երկիրներուն եւ Իրանի առջեւ։ Իրանի նախագահը հետաքրքրութիւն յայտնեց ԵՏՄ-ի հետ ժամանակաւոր համաձայնագրի կնքման վերաբերեալ, ինչ որ պիտի ապահովէ ազատ առեւտուրի գօտիի ձեւաւորումը։ Հայաստան աշխուժօրէն կ՚աջակցի ԵՏՄ-ի եւ Իրանի միջեւ բանակցային գործընթացին՝ նպատակ ունենալով հնարաւորինս արագ հասնիլ տուեալ համաձայնագրի ստորագրման։ Միաժամանակ մենք քննարկեցինք Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջազգային փոխադրութեան եւ տարանցիկ միջանցքի ստեղծման ծրագրերը։ Հայաստան ԵՏՄ-ի այն միակ անդամն է, որ ցամաքային սահման ունի Իրանի հետ։ Ուստի, Հայաստան կը շեշտադրէ փոխադրութեան եւ լոժիսթիք ենթակառուց-ւածքներու զարգացումը, ներառեալ ներկայիս իրականացուող Հիւսիս-հարաւ միջանցքի կառուցումը։ Այս բոլորին շնորհիւ ԵՏՄ-ի շրջանակներէն ներս մեր գործընկերներուն համար յարմարաւէտ եւ անվտանգ հարթակ մը պիտի ստեղծուի դէպի Պարսից ծոց, այնուհետեւ ելք պիտի ունենանք դէպի Հնդկական ովկիանոս»։