ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅԱՑԱԾ՝ ՌԱՔՔԱՅԻ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը կը շա­րու­նա­կեն Սու­րիոյ մէջ յա­ռաջ տա­նիլ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Էլ Պապ քա­ղա­քին վրայ ներ­կա­յիս կեդ­րո­նա­ցած են բա­նա­կի աշ­խա­տանք­նե­րը։ Այդ քա­ղա­քը կը գտնուի Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Թէեւ Էլ Պա­պը ամ­բող­ջու­թեամբ պա­շա­րուած է թրքա­կան բա­նա­կին եւ ա­նոր կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կին կող­մէ, սա­կայն այս փու­լին կը նկա­տուի ո­րոշ դան­դա­ղու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, Ի­ՇԻՊ-ի շար­քա­յին­նե­րը ամ­բողջ քա­ղա­քը պա­տած են ծու­ղակ­նե­րով։ Ռում­բեր թաք­նուած են ա­մէն կողմ։ Ուս­տի, «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը այս կէ­տին վրայ յա­ռաջ կը տա­րուի ծայր աս­տի­ճան զգու­շու­թեամբ։ Նախ կը յայտ­նա­բե­րուին ծու­ղակ­նե­րը, կը վնա­սա­զեր­ծուին եւ ըստ այդմ կը յա­ռա­ջա­նան զի­նուոր­նե­րը։

Միւս կող­մէ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի բան­բե­րը՝ Իպ­րա­հիմ Քա­լըն ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, որ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան շրջագ­ծով ցայ­սօր շուրջ 1900 քա­ռա­կու­սի մեթր տա­րա­ծու­թեամբ գօ­տի մը մաք­րա­գոր­ծուած է Ի­ՇԻՊ-էն։ Այս­պէ­սով ե­րաշ­խա­ւո­րուած է նաեւ Թուր­քիոյ սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րուն անվ­տան­գու­թիւ­նը։ Ըստ Իպ­րա­հիմ Քա­լը­նի, ա­նըն­դու­նե­լի է, որ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թիւ­նը Էլ Պա­պի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մար չի զօ­րակ­ցիր օ­դա­յին ռմբա­կո­ծում­նե­րուն։ Ա­ռանց օ­րի­նա­կան ո­րե­ւէ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեան օ­դէն կը զլա­ցուի այդ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, ինչ որ ա­նըն­դու­նե­լի է։

Բաց աս­տի, ըստ Իպ­րա­հիմ Քա­լը­նի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն, Ռաք­քա­յի հար­ցին շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է Թուր­քիոյ եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն մի­ջեւ։ Թուր­քիա վա­ղուց յա­մա­ռօ­րէն կը պա­հան­ջէ, որ­պէս­զի ԵՓԿ մուտք չգոր­ծէ Ռաք­քա, որ ա­րա­բա­կան քա­ղաք մըն է։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016