ՋԵՐՄ ՈՒ ԲԱՐԻԴՐԱՑԻԱԿԱՆ

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան դէպի Թիֆլիզ պաշտօնական այցելութեան եզրափակիչ փուլին երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի Վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի հետ։ Զրուցակիցները գոհունակութեամբ մատնանշեցին երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ աշխոյժ զարգացող ու ամրապնդուող յարաբերութիւնները։ Այդ ամբողջին մէջ նշուեցաւ նաեւ առեւտրատնտեսական ոլորտէ ներս անցեալ տարուան տեւողութեան համագործակցութեան շնորհիւ արձանագրուած նկատելի յառաջընթացը։ Սարգսեան եւ Քվիրիքաշվիլի կանգ առին զբօսաշրջութեան, ուժանիւթի, տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու եւ այլ շարք մը բնագաւառներէ ներս աշխոյժ համագործակցութեան վրայ։ Իրենց համոզմամբ՝ հայ-վրացական բարձր մակարդակի շփումները լաւ նախադրեալներ ստեղծած են գործընկերութեան նոր ուղղութիւններու նախանշման համար։

Քվիրիքաշվիլի նշեց, որ թէեւ Հայաստան եւ Վրաստան այս տարի կը նշեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեայ յոբելեանը, սակայն, այնուամենայնիւ, երկու երկիրներու յարաբերութիւնները ունին դարերու պատմութիւն ու անոնք եղած են այնքան ջերմ ու բարիդրացիական՝ որքան այսօր են։ Նախագահ Սարգսեանը շնորհաւորելով մօտալուտ տօներուն առթիւ՝ Քվիրիքաշվիլի Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին համար մաղթեց խաղաղութիւն եւ կայուն զարգացում։ 

Զրոյցի տեւողութեան Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ ընդգծեց, որ հայ եւ վրացի ժողովուրդներու անցած բազմադարեան ուղին կը պարտաւորեցնէ երկու երկիրներու իշխանութիւնները՝ իրենց վստահուած ժամանակահատուածին մէջ ազնիւօրէն ծառայելու երկու ժողովուրդներու բարօրութեան։ Սերժ Սարգսեանն ալ մօտալուտ տօներուն առթիւ Քվիրիքաշվիլիին փոխանցեց շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ։ Ան մաղթեց բարձր տրամադրութիւն եւ լաւատեսութիւն երկրի զարգացման ու բարեկեցութեան հարցին մէջ։

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին զանազան ոլորտներու մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումն ու հեռանկարները։ Հարկ է նշել, որ մօտաւոր ապագային Կիորկի Քվիրիքաշվիլի պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։ Թիֆլիզի շփումներու աւարտին Սերժ Սարգսեան վերադարձաւ Երեւան, մինչ օդակայանին մէջ իրեն հրաժեշտ տուաւ Վրաստանի Նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլի։

Մինչ այդ, Երեւան վերադառնալէ վերջ Սերժ Սարգսեան երէկ անմիջապէս ուղեւորուեցաւ Մոսկուա, ուր մասնակցեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու անպաշտօն հանդիպման, որ կազմակերպուեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի տան-տիրութեամբ։ Ժողովական ղեկավարները հանդիպման ընթացքին ամփոփեցին 2017 թուականին ԱՊՀ-ի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը եւ կարծիքներ փոխանակեցին զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան յետագայ զարգացման հարցերուն շուրջ։ Այս տարի ԱՊՀ-ի շրջանային նախագահ երկիրն էր Ռուսաստան, իսկ յաջորդ տարի այդ պաշտօնը կը ստանձնէ Տաճիկիստան։  

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2017