ՍԵՐՏ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Թուրքիայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այս շաբաթավերջին պիտի մեկնի Ռուսաստան։ Պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան եւ Հանրապետութեան նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, այս բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը շաբաթ պիտի մեկնի Մոսկուա, ուր պիտի ունենայ շարք մը հանդիպումներ։ Ըստ քննարկումներու արդիւնքին, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեղի կրնայ ունենալ հեռախօսազրոյց մը։ Յառաջիկայ օրերուն հաւանական է նաեւ Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ նոր հանդիպման մը կազմակերպումը։

Անգարա եւ Ռուսաստան ներկայիս դարձեալ սերտօրէն կը համագործակցին Սուրիոյ տագնապին շուրջ։ Այդ համագործակցութիւնը այժմ նոր հարթութեան մը վրայ է՝ մանաւանդ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուի իր զօրքերը դուրս բերել Սուրիայէն։ Ուաշինկթընի այս որոշումը նոր իրադրութեան մը ծնունդ տուած է թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ տարածքաշրջանի տեսակէտէ, ուստի, Թուրքիա եւ Ռուսաստան կ՚արժեւորեն այս նոր իրավիճակը եւ կը նախանշեն իրենց յառաջիկայ նախաձեռնութիւնները։

Նախարար Չավուշօղլու վերջին օրերուն ուշագրաւ մանրամասնութիւն մըն ալ հրապարակած էր Սուրիոյ ճգնաժամին շուրջ։ Չավուշօղլու յայտնած էր, որ Անգարա ուղղակի շփման մէջ չի գտնուիր Դամասկոսի ղեկավարութեան հետ, բայց կողմերու միջեւ անուղղակիօրէն պատգամներ կը փոխանակուին Ռուսաստանի կամ Իրանի միջոցաւ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2018