ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՊԱՂՏԱՏ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Պաղտատ։ Իր հետ էր նաեւ Առաջին տիկին Մելանիա Թրամփ։ Նախապէս չէր յայտարարուած այս այցելութեան մասին։ Տանըլտ Թրամփ այցելեց «Էլ-Ասատ» ռազմակայանը, որ կը գտնուի Պաղտատի արեւմուտքին։ Տանըլտ եւ Մելանիա Թրամփ ամոլը շնորհաւորեցին Իրաքի մէջ պաշտօնավարող ամերիկացի զինուորներու Ս. Ծնունդը։ Թրամփ վերջին օրերուն յայտարարեց, որ ամերիկեան զօրքերը դուրս պիտի բերուին Սուրիայէն։ Պաղտատի մէջ ան յայտնեց, որ ԱՄՆ չի պատրաստուիր հեռանալ Իրաքէն։ Հարկ է նշել, որ Իրաքի մէջ ներկայիս շուրջ 5 հազար ամերիկացի զինուոր կը պաշտօնավարէ։

Տանըլտ Թրամփի նախորդները՝ Պարաք Օպամա եւ Ճորճ Պուշ եւս նման այցելութիւններ տուած էին մօտաւոր անցեալին։ Թրամփի հետ էր նաեւ իր ազգային անվտանգութեան խորհրդականը՝ Ճոն Պոլթըն։ Ան Պաղտատի մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկացի զինուորներու ծառայութեան համար։

Թրամփ ամոլը շուրջ երեքուկէս ժամ ժամանակ անցուց ամերիկացի զինուորներուն հետ։

Տանըլտ Թրամփ համոզուած է, թէ Իրաք տակաւին որպէս ռազմախարիսխ կրնայ օգտագործուիլ՝ Սուրիայէ ներս ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ ռազմական գործողութիւններ կեանքի կոչելու նպատակով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2018