Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՊԱՆԻԱ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս այցելեց Սպանիա, ուր ջերմ վերաբերմունքի արժանացաւ տեղւոյն հայութեան կողմէ։ Սպանիոյ մէջ հայութեան հետքերը կը հասնին մինչեւ 16-րդ դար։ Հայաստանի անկախութեան յաջորդած արտագաղթի պայմաններուն ներքեւ Սպանիայէ ներս ձեւաւորուած է հայկական նոր համայնք մը։ Ո՛չ միայն Հայաստանէն, այլ նաեւ՝ նախկին սովետական զանազան երկիրներէ հայեր գաղթած են Սպանիա, ուր անոնց թիւը ներկայիս կը գերազանցէ 10 հազարի սահմանը։ Ըստ էութեան անոնք կը բնակին երկրի մեծ քաղաքներուն մէջ. օրինակ՝ Մատրիտ, Պարսելոնա, Վալենսիա, Ալիքանթէ եւ Մալակա։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին Սպանիոյ մէջ հաստատուած հայերու հոգեւոր կեանքը կազմակերպելու համար 2009 թուականէն ի վեր աշխատանք կը տանի։ Նպատակն է հունի մէջ դնել տեղւոյն հայութեան համայնքային կեանքը, ինչպէս նաեւ ապահովել անոնց ինքնութեան պահպանումն ու փոխանցումը։ Անցեալ տարիներու ընթացքին տարուած աշխատանքին շնորհիւ հնարաւոր եղած է ոչ միայն կարելի չափով հիմքերը դնել համայնքային կեանքի, այլեւ սպանացիներուն ներկայացնել հայկական հարուստ քրիստոնէական մշակոյթը։

Սպանահայութիւնը տակաւին չունի եկեղեցական-թեմական կառոյց մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Արեւմտեան Եւրոպայի նորանշանակ Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ներկայիս հոգածութեան առարկայ կը դարձնէ սպանահայութիւնը։ Նորին սրբազնութիւնը վերջերս Մատրիտի համայնքի հրաւէրով այցելեց Սպանիա։ Այս հովուական այցելութեան ծիրէն ներս նորին սրբազնութիւնը նախագահեց Պուրկօ տէ Օսմա աւանին մէջ տեղւոյն հայ համայնքի ջանքերով կանգնեցուած խաչքարի բացման եւ օրհնութեան արարողութեան։ Այդ աւանը կը գտնուի Մատրիտէն 160 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Ներկայ էր Մատրիտի մօտ Հայաստանի դեսպան Աւետ Ադոնց, շրջանի տեղական ինքնակառավարման մարմիններէն ներկայացուցիչներ եւ հոգեւոր իշխանութենէն հայրեր։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան կեցութեան օրերուն Մատրիտի մէջ մատուցեց Ս. Պատարագ, նաեւ այցելեց հայկական կիրակնօրեայ դպրոցը։ Դեսպան Աւետ Ադոնցի նախաձեռնութեամբ նորին սրբազնութիւնը տեսակցութիւններ ունեցաւ Սպանիոյ ներքին գործոց եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններէն պաշտօնատարներու հետ։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան հիւրընկալուեցաւ նաեւ Մատրիտի կարտինալ Քարլոս Օսորրոնի կողմէ։ Սիրալիր հանդիպումը տեղի ունեցաւ կարտինալական պալատին մէջ։ Մատրիտի կարտինալութեան հովանաւորութեան ներքեւ կը գործէ նաեւ Սուրբ Տամասօ համալսարանը, որու վերատեսուչին հետ ալ տեսակցեցաւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Զրոյցի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ ուսանողներու փոխանակման շուրջ։

Հովուական այցելութեան աւարտին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան խոստացաւ վերստին փութալ Սպանիա մօտաւոր ապագային՝ աւելի մօտէն ծանօթանալու համար երկրի զանազան քաղաքներուն մէջ սփռուած հայոց հետ։  

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2018