ՕՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա, ուր կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Քրեմլինի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Փաշինեան եւ Փութին կը քննարկեն երկկողմանի օրակարգի հանգուցային նիւթերը եւ համագործակցութեան հեռանկարները Եւրոասիոյ տարածքէն ներս։ Նիկոլ Փաշինեանի աշխատանքային այցելութիւնը առիթ կ՚ընձեռէ նաեւ անդրադառնալու Եւրոասիոյ տարածքի համարկման միաւորումներուն։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Նիկոլ Փաշինեանի Մոսկուա այցելութեան ընդառաջ Հայաստանի առաջին փոխ-վարչապետ Արարատ Միրզոյեան յայտարարութիւններ ըրաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Ան յայտնեց, որ արցախցիները իրենք պիտի որոշեն իրենց ճակատագիրը։ Արարատ Միրզոյեան պատասխանեց նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի վերջին յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց Պաքու պատրաստ է ապահովել Արցախի հայութեան անվտանգութիւնը եւ բարձր մակարդակով ինքնակառավարման իրաւունք տրամադրել։ «Պարոն Մամետեարովին խորհուրդ կու տամ առաջարկը ներկայացնել նաեւ Արցախի ժողովուրդին. ի վերջոյ արցախցիները իրենք պիտի որոշեն իրենց ճակատագիրը։ Սա անոնց բնական, անօտարելի, որեւէ սպառնալիքով կամ զէնքի ուժով չճնշուող իրաւունքն է եւ այդ իրաւունքը ուշ թէ շուտ պէտք է ճանչնալ», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեանն ալ Էլմար Մամետեարովի յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ տուաւ լուսաբանութիւններ։ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան «Լուրեր» ծրագրին մասնակցելով՝ Աննա Նաղդալեան նշեց, որ հայկական կողմը կը վերահաստատէ իր շատ յստակ դիրքորոշումը բանակցային թղթածրարի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի եւ անվտանգութեան գերակայութեան վերաբերեալ։ «Երկու մօտեցում կրնայ ըլլալ այս յայտարարութեան առընչութեամբ։ Կրնանք վերահաստատել մեր շատ յստակ դիրքորոշումը բանակցային թղթածրարի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի եւ անվտանգութեան գերակայութեան վերաբերեալ՝ երկու պարագային ալ տալով առաւել լայն պարզաբանումներ։ Այնուամենայնիւ, կը կարծենք զսպուածութիւն պէտք է ցուցաբերել հանրային յայտարարութիւններուն մէջ՝ այսպէսով սատարելով բանակցութիւններուն, եթէ անկեղծ փափաք կայ պահպանելու անոնց նկատմամբ յանձնառութիւնը։ Սա յատկապէս կը վերաբերի այն պարագային, երբ փորձ կը կատարուի սեփական միակողմանի տեսակէտները, ըստ էութեան, որպէս նախապայման ներկայացնելու։ Պէտք չէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի փոխարէն որոշել իր կամքը։ Նախապայմանները, այլեւս չենք ըսեր՝ սպառնալիքները, ազդեցութիւն պիտի չունենան բանակցութիւններու մէջ մեր դիրքորոշման վրայ։ Լաւատեսութեան կամ յոռետեսութեան դրսեւորումները գործընթացի վրայ ներգործութիւն ունենալու առումով հաւասարապէս անարդիւնաւէտ մեթոտներ են։ Անհրաժեշտ է իրատես ըլլալ եւ իսկապէս յանձնառու բոլոր կողմերու համար ընդունելի հանգուցալուծում մը գտնելու համար», ըսաւ Նաղդալեան։

Փաշինեանի Մոսկուա այցելութեան ընդառաջ, նոյնպէս երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ յայտարարութիւններ ըրաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Ան յայտնեց, որ Ռուսաստան իրմէ կախեալ ամէն ինչ կ՚ընէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը ապահովելու համար։ Զախարովային հարց տրուեցաւ, թէ Ռուսաստան ինչպէ՞ս կը գնահատէ հակամարտութեան կարգաւորման միտումները եւ այս առումով 2019 թուականի վերաբերեալ հաւանականութիւնները։ Ի պատասխան՝ Մարիա Զախարովա ըսաւ.

«Մենք ժամկէտային շրջանակներ չենք դներ։ Եթէ խօսինք ժամանակի մասին, ի հարկէ, մենք միշտ կողմնակից եղած ենք հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորման եւ այս նպատակին ուղղուած բոլոր քայլերուն։ Սակայն յստակ ժամկէտներու մասին ես չեմ խօսիր, պատմութիւնը երկար է, հակամարտութիւնը, դըժ-բախտաբար ձգձգուած է, բայց ռուսական կողմը՝ որպէս Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր, որպէս երկիր, որ ընդհանուր անցեալ եւ պատմութիւն ունի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ, անհրաժեշտ ամէն բան կ՚ընէ այս ուղղութեամբ»։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2018