«ՀԱՏԸՆՏԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆՔ»

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի պաշտօնական խօսքերու ժողովածոյի երկրորդ հատորը, որ կը կոչուի՝ «Հատընտիր պաշտօնականք. 2010-2018»։ Այս ժողովածոն նուիրուած է Վեհափառ Հայրապետի օծման եւ գահակալութեան 20-ամեակին։ Գիրքը հրատարակութեան պատրաստուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի եւ Հրատարակչական բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեանի կողմէ։

Ժողովածոյին մէջ ընդգրկուած են 2010-2018 թուականներու ժամանակահատուծին Վեհափառ Հայրապետի՝ գիտաժողովներու եւ այլ նշանակալի ձեռնարկներու ժամանակ ներկայացուցած օրհնութեան խօսքերը, որոնք դասակարգուած են ըստ իրենց բնոյթին եւ ընդհանուր ուղղուածութեան։ Ուղերձները, կոնդակներն ու խօսքերը ներկայացուած են ըստ բաժիններու եւ ենթաբաժիններու, դասակարգուած՝ ըստ ժամանակագրութեան։ Ժողովածոն կը ներառնէ միայն «Էջմիածին» ամսագրին մէջ հրատարակուած ամբողջական խօսքերը, որոնց յղումները կատարուած են ամսագրի համապատասխան համարներով։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2019